2015-12-07 09:45:00

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն։


Երէկ` 6 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին Հայաստանի մէջ ընթացք առաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն, որ շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, որմէ ետք սկսաւ քուէաթերթիկներու հաշուարկը: Հանրապետութեան մէջ բացուած էին 1988 ընտրատեղամասեր:

Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն դիտարկած են 18 տեղական եւ չորս միջազգային կազմակերպութիւններ, մասնաւորապէս, ԱՊՀ դիտորդական առաքելութիւնը (44 դէտ), ԱՊՀ միջխորհրդարանական վեհաժողովը (23 դէտ), Եւրոպական խորհրդարանի Խորհրդարանական վեհաժողովը (11 դէտ), ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց գրասենեակը (5 դէտ): 33 դէտեր օտարերկրեայ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբերու կողմէ, եւ 7 դէտ` Հայաստանի մէջ  հաւատարմագրուած դեսպանութիւններէն:

Ոստիկանութեան տուեալներով, ընտրացուցակներուն մէջ  ընտրողներու թիւը 2 միլիոն 550 հազար 323 էր: Քուէարկութեան մասնակցեցաւ 1.296.360 հոգի` 50,51 առ հարիւրը:

Այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերուն տուեալներով` Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը նախնական տուեալներ ներկայացուցած էր`  1482 ընտրատեղամասերէ:

Ըստ այդ տուեալներուն, «այո»-ի օգտին քուէարկած է 618.014 հոգի կամ 66,06 առ հարիւր, «ոչ»-ի օգտին` 280.533 ընտրող կամ 29,98 առ հարիւր:








All the contents on this site are copyrighted ©.