2015-12-07 10:01:00

Կաթողիկէ Օրթոտոքս հաշտութեան միասնական յայտարարութեան 50 ամեակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 7 դեկտեմբեր 2015-ին կը նշուի Կաթողիկէ Օրթոտոքս հաշտութեան միասնական յայտարարութեան 50 ամեակը որ տեղի ունեցաւ Վատիկանեան Տիեզերականն Բ Ժողովի փակման նախօրեակին եւ զօր ստորագրեցին Երանելի Պօղոս Զ Քահանայապետը եւ Տիեզերական Պատրիարք Աթենակորա Ա, որուն միջոցաւ ջնջուեցան երկու եկեղեցիներու` Հռոմի եւ Կ. Պոլսոյ միջեւ 1054-ին գոյացած  նզովքները։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սոյն յոբելեանի մասին արտայայտուեցաւ կիրակի 6 դեկտեմբեր 2015-ի կէսօրին արտասանած Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ըսելով '' Մեծ Շնորհք մըն է որ այսպիսի կարեւոր մէկ եղելութիւն մը, որ Կաթողիկէներու եւ Օրթոտոքսներու միջեւ ստեղծեց սիրոյ եւ ճշմարտութեան մէջ երկխօսութեան նոր պայմաններ, յիշատակուի ճիշտ  Ողորմութեան Յոբելենական Տարուայ նախօրեակին''։ Սրբազան Քահանայապետը ապա  հաստատեց թէ ''Չկայ իսկական ուղեւորութիւն դէպի միութիւն առանց Աստուծոյ ներումին ու մեր միջեւ փոխադարձ ներողամտութեան` բաժանումի մեղքին համար։

Քահանայապետը ապա հրաւիրեց հաւատացեալները իրենց աղօթքներուն մէջ  յիշելու սիրելի տիեզերական Պատրիարքը` Բարթողոմէոսը եւ Օրթոտոքս Եկեղեցիներու միւս հովուապետերը եւ Տիրոջմէն հայցելու որ Կաթողիկէներու եւ Օրթոտոքսներու միջեւ յարաբերութիւնները ներշնչուին միշտ եղբայրսիրութենէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.