2015-12-07 12:15:00

Դանիոյ Խաղաղութեան մրցանակը պիտի շնորհուի Զարաքօլուին


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ծանօթ թուրք մտաւորական եւ գիրքերու, ներառեալ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած հատորներու հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլու, որուն դէմ յաճախ բացուած են դատեր, որոնց պատճառով ան բանտարկութեան դատապարտուած է, Դանիոյ Խաղաղութեան մրցանակին արժանացաւ, տարիներէ ի վեր մտածումի, արտայայտուելու ազատութեան եւ մարդկային իրաւանց մարզէն ներս ցոյց տուած իր արտակարգ ջանքերուն համար։

Զարաքօլու այդ մրցանակը պիտի ստանայ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 10ին, Քոփենհակընի մէջ։

Խաղաղութեան այս մրցանակը, ՄԱԿի Տիեզերական մարդկային իրաւանց յայտարարագիրին հիման վրայ՝ կը տրուի այնպիսի անձերու, որոնք առանց բռնարարքներու դիմելու, ժողովրդավարութեան համար պայքար կը մղեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.