2015-12-07 12:36:00

Անարատ Յղութեան Տօն։ Ֆրանչիսկոս Պապի աւանդական այցելութիւնը Հռոմի ''Սպանիա'' հրապարակին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի  8 դեկտեմբեր 2015-ին, ըստ լատինաց Տօն է Անարատ Յղութեան։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 9,30-ին, հանդիսաւոր արարողութեամբ բացումը կը կատարէ Ողորմութեան Յոբելենական Սուրբ Տարւոյն իսկ  յետմիջօրէին, ինքնաշարժով կ՛ուղղուի դէպի Հռոմի նշանաւոր հրապարակներէն ''Բիացցա տի Սպանիա'' կոչուած հրապարակը, ուր կը գտնուի ''Անարատ Յղացեալ՝ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ՝՝ բարձր արձանը, անոր ոտքին զետեղելու ծաղկեփունջ մը եւ պատգամ մը  փոխանցելու այս առթիւ այնտեղ համախմբուած հաւատացեալներուն։

Նշենք որ Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ աւանդութիւն է որ՝ Հռոմ քաղաքը, Քահանայապետին հետ միասին, մեծ շուքով ու հանդիսաւոր կերպով մեծարեն Յաւիտենական քաղաքի կեդրոնական այս հրապարակին վրայ բարձրացած` Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանը։

Արդարեւ Հռոմի հրշէջները, 8 դեկտեմբերի առաւօտեան կանուխ, իրենց կարգին կը մեծարեն Անարատ Յղացեալը որպէս իրենց պաշտպան Սրբուհին։ Հրշէջներէն մին կը բարձրանայ դէպի արձանը եւ Աստուածածնայ բազուկին վրայ կը զետեղէ ծաղկեփունջ մը, արժանանալով ներկայ հաւատացեալներուն եւ հետաքրքիրներու ծափողջոյններուն։
Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանը կառուցուած է ի յիշատակ Մարիամի Անարատ Յղութեան վարդապետութեան հռչակումին, 8 դեկտեմբեր 1854-ին, երանելի Պիոս Թ. Քահանայապետին կողմէ։

Ս. Կոյս Մարիամի պրօնզէ այս արձանը, զետեղուած է շուրջ 30 մեթր բարձրութեամբ մարմարէ սիւնի մը վրայ։ Երանելի Պիոս Թ. անձամբ գլխաւորած է արձանին բացման արարողութիւնը, 8 դեկտեմբեր 1857ին, շրջապատուած 200 հրշէջներով։ Այդ թուականէն ասդին, ամէն տարի, մեծ հանդիսութեամբ ու շուքով, կը կատարուի Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ տօնը։ Արարողութեան կը մասնակցին մայրաքաղաքին թէ քաղաքական թէ եկեղեցական ներկայացուցիչները։

Պիոս ԺԲ Քահանայապետը եղաւ առաջինը որ Անարատ Յղութեան տօնին օրը ծաղիկ կ՛ուղարկեր  Սպանիա հրապարակի վրայ գտնուող արձանին Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ 1958-ին անձամբ այցելեց Սպնիայի հրապարակը եւ այնտեղ զետեղեց սպիտակ վարդերու փունջ մը, ապա այցելեց Մարիա Մաճճորէ` Հռոմի Սուրբ Աստուածածնայ նուիրուած տաճարը։  Այս սովորութիւնը շարունակուեցաւ Պօղոս Զ, Յովհաննէս Պօղոս Բ, Պենետիկտոս ԺԶ եւ Ֆրանչիկոս Քահանայապետերու կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.