2015-12-06 10:44:00

Պենետիկտոս ԺԶ կը մասնակցի Յոբելենական Տարւոյն բացման արարողութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ողորմութեան Յոբելենական Տարւոյն Սուրբ Դրան բացման արարողութեան որ տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի` 8 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Անարատ Յղութեան տօնին օրը, սկիզբ տալով Յոբելենական արտակարգ Սուրբ Տարուան։

Անցեալ 13 մարտին Ողորմութեան Սուրբ տարին հռչակելով Ֆրանչիսկոս Պապը ըսած էր. Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, յաճախ մտածեցի թէ ինչպէս Եկեղեցին պիտի կարենայ աւելի ակնյայտ դարձնել իր առաքելութիւնը ըլլալու վկայ ողորմութեան։ Ուղեւորութիւն մըն է որ սկիզբ կ՛առնէ հոգեւոր ապաշխարութեամբ։ Ասոր համար որոշեցի հռչակել արտակարգ յոբելենական տարի մը որուն կեդրոնը ըլլայ  Աստուծոյ Ողորմութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.