2015-12-05 10:45:00

Նոր երանելիներ. Միքէլէ Թոմազէքի, Զպիկնէօ Ստրզալքովսքի եւ Ալեսանտրօ Տորտի կղերական հայրերը


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 5 դեկտեմբերին, Փերույի Չիմպոթ քաղաքին մէջ տեղի կ՝ունենայ  Միքէլէ Թոմազէքիի,  Զպիկնէօ Ստրզալքովսքիի՝ Լեհ քահանաներու­ ինչպէս նաեւ Իտալացի թեմական քահանայ Ալեսանտրօ Տորտիի երանացման արարողութիւնը, որոնք Փերույի մէջ պաշտպան կանգնած են աղքատներուն ու թշուառներուն՝ հռչակելով Քրիստոսի Աւետարանը  եւ դիմագրաւելով ահաբեկչական խմբաւորումի կողմէ կատարուած սպառնալիքները՝  նոյնիսկ զոհելով իրենց կեանքը։

Երեք հերոս Կղերական հայրերը նահատակուած  են Փերույի մէջ 1991-ին, ու անոնց Երանացման արարողութիւնը կը գլխաւորէ Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Անճելօ Ամաթոն։

Նոր Երանելիներուն հակիրճ կենսագրականը։

Միքէլէ Թոմազէքի եւ Զպիկնէօ Ստրզալքովսքիի կղերականները կը պատկանէին Փոքրիկ եղբայրներու միաբանութեան։ Անոնք նորընծայութեան շրջանին եղած են դասընկերներ։ Քահանայական օծումը ստանալէ ետք ուղարկուած են Փերու, ուր՝ 1988-ին, Ֆրանչիսկեան միաբանութեան մեծաւորներուն կամքով հիմնած են առաջին միսիոնարական կեդրոն մը, որուն հոգածութիւնը  յանձնուած է վերոյիշեալ երիտասարդ քահանաներուն։

Լեհաստանէն ժամանած երկու միսիոնարները՝ ելեկտրականութեան ու ջուրի չգոյութեան, եւ առողջապահական վատ պայմաններու մէջ՝ երբեք յուսահատութեան չի մատնուելով շարունակած են իրենց առաքելական գործունէութիւնը՝ քարոզելով Յիսուս Քրիստոսը ամենուրէք։

1990 թուականին, Փերույի մէջ ընթացք առած Sendero luminoso կոչուած ահաբեկչական եւ աւազակներու խմբաւորում մը, երկիրը մատնած էին ահ ու սարսափի՝ իրենց իրագործած ահաբեկչական գործողութիւններով։ Սոյն խմբաւորման զոհերուն մեծամասնութիւնը եղած են երկրի աղքատները, որոնք չքաւորութեան պատճառաւ ստիպուած էին  հետեւելու վերոյիշեալ ոճրագործներուն՝ ճարելու համար իրենց օրուայ հացը։

Երկու միսիոնարները, հոգւով ու սրտով անվախօրէն դէմ կեցած են աղքատները սպառնացող ոճրագործներուն, նոյնիսկ իրենց կեանքը վտանգի ենթարկելով։

9 օգոստոս 1990-ին երեկոյեան, Սուրբ պատարագի արարողութեան աւարտին, երկու կղերակնները կը ձերբակալուին ահաբեկիչներու կողմէ։ Ձերբակալութեան յաջորդ օրը՝ քաղաքի գերեզմանին մօտ երկու կղերականներուն   դիակները կը յայտնաբերուին՝ անոնց մարմնին վրայ գրառուած ոճրագործներու ստորագրութեամբ։

Հայր Ալեսանտրօ Տորտի

Հայր Ալեսանտրօ Տորտի եղած է Պերկամօ թեմի քահանայ։ Ան քահանայական ձեռնադրութենէն անմիջապէս ետք, առաքելութեամբ ուղարկուած է Զուիցերիա՝ որպէս իտալացի գաղթականներու մատրանապետ, ապա 1980ին՝ Փերու։

Փերույի մէջ անխոնջ զբաղած է ընտանիքներու հովուական խնամակալութեամբ եւ մարդկային զարգացմամբ, որպէս հակաթոյն՝ քաղաքը հարուածող պատերազմական եւ ահաբեկչական շարժումներուն դէմ։

Օգոստոս 1991-ին,60 տարեկանին, Հայր Ալեսատնրօ, հոգին կ՝աւանդէ  թիրախ  դառնալով Sendero Luminoso կոչուած ահաբեկչական խմբաւորումի կազմակերպած ահաբեկչական գործողութեան։

Անոր մարմինը՝ այժմ կը հանգչի Պերկամօ քաղաքին ՝՝Ծնեալ Սուրբ Կոյս Մարիամի տաճարին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.