2015-12-05 10:29:00

Մեծ եղեռնի հարիւր ամեակի շուքին տակ


Կոտտացող Վէրքեր

Մեծ Հայրը, Հայրը, եղբայրները եւ հօրեղբայրները ազատամարտիկներ էին։ Զէյթունի պաշտպանութեան նուիրեալներ։ Մարի ծնած էր Զէյթուն, ունեւոր եւ բազմանդամ ընտանիքի մէջ։ Ուրախ էին իրենց կեանքով եւ կ’ապրէին հարազատ հայկականութեամբ։ Սակայն կը հասնէր թրքական պատուհասը՝ հայասպանութիւնը։ Թուրքերը ծանօթ էին Մարիի ընտանիքին, անոնց հարստութեան եւ հեղինակութեան՝ հայ հասարակութենէն ներս։ Չարդարարները կը փորձէին Քէհեան՝ Մարիի հայրը, համոզել, որ զէնքերը վար դնէ եւ չդիմադրէ թուրքերու ասպատակութեան։ Սակայն Զէյթունի առիւծներուն համար այդ տարբերակը գոյութիւն չունէր. անոնք պատրաստ էին պայքարելու մինչեւ մահ։ Կորուսեալ ազատութիւնը, ստրկութիւնը իրենց համար աւելի վատ էր քան մահը։

Զոհուեցան անոնք։ Մահէն ազատածները քշուեցան դէպի անապատներ։ Կիներ եւ աղջիկներ՝ ջուրերու եւ անդունդներու եզրին պատրաստ էին իրենց անձը տալ բնութեան տարրերուն՝ քան իյնալ պիղծ չարդարարներու ձեռքը։ Եւ այդպէս շատեր գտան իրենց վերջին հանգիստը անդունդի մը խորքը եւ կամ քշուած ջուրերու վրայ՝ հեռու հայրենի հողէն, սակայն ոչ գերեալ։

Փոքրիկ Մարի կ’ազատէր ոճիրէն եւ կը հասնէր հայկական որբանոց։ Հոն՝ վերապրող չափահաս հայ կիներու եւ աղջիկներու գուրգուրացող ձեռքերուն տակ ան ուսում կ’արնէր, կը սորվէր մայրենին, տնարարութիւն եւ հայկական սովորութիւններ։ Բացառիկ կարողութիւններով օժտուած աղջիկը շուտով կ’իւրացնէր այդ բոլորը եւ իր կարգին կը փոխանցէր ուրիշներուն։ Արդէն չափահաս՝ Մարի հարս կը տրուի Գրիգորին, որ Մարաշի վերապրողներէն էր՝ ձիրգերով օժտուած պանդուխտ երիտասարդ մը։ Նորակազմ զոյգը ժամանակ մը կ’ապրի Դամասկոս, ապա կը փոխադրուի Լիբանան։ Դուստրի մը ծնունդը կը պսակէ իրենց կեանքը, տան մէջ կը բերէ ուրախութիւն։

Սակայն Մարի խորհուրդ մը կը պահէր իր սրտին մէջ։ Յիշողութիւններ կը տանջէին զինք։ Հոգիին աչքերուն առջեւ կը ներկայանային հայ կիներն ու աղջիկները, որոնք իրենց մարմինը տուած էին գետերու հեղձանող յորձանքներուն՝ չիյնալու համար թուրքին ձեռքը։ Երկար ժամեր ան կը քալէր Պէյրութ, Քարանթինայի ծովեզերքը, կը դիտէր ալիքները, կը խօսէր ալիքներուն հետ, կը պատմէր անոնց իր ցաւը։ Հակառակ միշտ աւելի բարալաւուող պայմաններու՝ անոր հոգին հանգիստ չէր գտած։ Ի՞նչպէս վայելել այդ ազատութիւնը, եթէ չկային հարազատները, չկար հայրենի հողն ու ջուրը։ Նոյնպէս անոր ամուսինն ու դուստրը կը տառապէին այդ ցաւերով. զգալի էր ընտանիքէն ներս հայասպանութեան ցնցիչ հետեւանքը։

Տարիները կ’անցնէին, եւ ժամանակը չէր բուժեր Մարիի վէրքերը։ Անոնք չէին սպիացած, այլ կը կոտտային բիրտ դաժանութեամբ։ Մարի ալ չէր կրնար տոկալ, կ’ուզէր ազատիլ այդ տառապանքէն։ Կը հասնէր այդ օրը. Մարի ինզինք կու տար ծովու ալիքներուն գտնելու համար իր հանգիստը։ Ձկնորսները անոր դիակը կը գտնէին ծովու ափին …

Մարիի պատմութիւնը լոկ մէկն է բիւրաւոր հայերու ճակատագրէն, մեր բոլորի ճակատագրէն։ Հոգեբաններ եւ ընկերաբաններ ուսումնասիրած են բազմաթիւ վերապրողներու եւ անոնց յաջորդող սերունդներու վկայութիւնները։ Ցեղասպանութեան գործած հոգեբանական եւ բարոյական աւերները ահարկու են։ Անոնք կրնան անցնիլ նաեւ երկրորդ ու երրորդ սերունդներու եւ այսպէս յառաջ։ Բացի անհատական յիշողութենէ՝ գոյութիւն ունի նաեւ հաւաքական յիշողութիւն, որ աւելի երկարակեաց է եւ ուժեղ քան անհատական յիշողութիւնը։ Հաւաքական յիշողութիւնը կը պարունակէ անհատներու հաւաքականութեան փորձառութիւնը եւ հասարակութեան պատկանող ամէն անհատի իւրայատուկ ներդրումը, պատմական իրադարձութիւններու եւ մշակութային նուաճումներու փոխանցումը։ Հասարակութեան մը ներքին ուժականութիւնն է, որ կը կազմաւորէ հաւաքական յիշողութիւնը եւ զայն կենդանի կը պահէ։ Ասոր մասին վերջին դարուն կատարուած են բազմաթիւ քննարկումներ եւ ուսումնասիրութիւններ։ “Հաւաքական յիշողութիւն” բացատրութեան հեղինակն է Մորիս Հալպվաքս (1877-1945), ֆրանսացի փիլիսոփայ եւ ընկերաբանը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.