2015-12-04 09:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Դեկտեմբեր ամսուայ գլխաւորած արարողութիւններու յայտագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ երեքշաբթի` 8 դեկտեմբեր 2015, Տիրամօր Անարատ Յղութեան տօնին օրը,  առաւօտեան ժամը 9.30ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ կը մատուցանէ հանդիսաւոր  Սուրբ Պատարագ, որուն ընթացին սկիզբ կը տրուի  Ողորմութեան Յոբելինական Սուրբ Տարւոյն, Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին Սուրբ Դրան բացման արարողութեամբ։

Յոբելինական տարին կը սկսի  8 Դեկտեմբեր 2015-ին եւ կը տեւէ մինչեւ 20 Նոյեմբեր 2016: Յոբելեանին նշանաբանն է  «Ողորմած եղէ'ք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ողորմած է» (Ղկ 6, 36)։

Միշտ երեքշբաթի, 8 դեկտեմբերին յետմիջօրէին ժամը 4.00ին, Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ Սրբազան Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, կ՛այցելէ Հռոմի  Սպանիա  անուան հրապարակը պաշտամունք կատարելով այնտեղ գտնուող Անարատ Յղութեան Տիրամօր արձանին սեմին։

Շաբաթ, 12 դեկտեմբեր,  երեկոյեան ժամը 6.00ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ,  հանդիսաւոր սուրբ պատարագ կը մատուցէ,  Կուատալուփէ Սուրբ Կոյս Մարիամի տօնին առթիւ

Իսկ կիրակի 13 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Նորին Սրբութիւնը կը նախագահէ Սուրբ Յովհաննէս Լատերանեան տաճարին  մէջ Ողորմութեան Սուրբ տարուայ  յոբելեանի դռնբացի արարողութիւնը։

Հինգշաբթի, 24 դեկտեմբեր 2015-ին.  Յիսուսի  ծննդեան տօնի նախօրեակն է` ՝՝ճրագլոյց սուրբ ծննդեան՝՝։ Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պետրոսի Տաճարին մէջ երեկոյեան ժամը 9.30ին, կը գլխաւորէ  Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագի զոհը։

Իսկ Ուրբաթ, 25 դեկտեմբերին, Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան Տօնին օրը,  Ֆրանչիսկսո Սրբազան Քահանայապետ Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն  համայն աշխարհին կ՛ուղղէ իր պատգամը եւ կը շնորհէ ՝՝Ուրպի Էթ Օրպի` Հռոմի ու Համայն աշխարհին՝՝ առաքելական օրհնութիւնը ։

Կիրակի 27 դեկտեմբերին, Յիսուսի Մարիամի եւ Սուրբ Յովսէփի Սուրբ Ընտանիքի տօնին առթիւ՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Տաճարին մէջ , առաւօտեան ժամը 10.00ին, հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ կը մատուցանէ նուիրուած  բոլոր ընտանիքներուն

Ապա ` Հինգշաբթի, 31 դեկտեմբերին, Սուրբ Կոյս Մարիամի Մայր Աստուծոյ տօնի առթիւ, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, յետմիջօրէին ժամը 5.00ին , Ֆրանչիսկսո Պապ կը նախագահէ ժամասացութեան արարողութիւնը եւ գոհաբանական աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.