2015-12-04 09:09:00

ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան Լիբանանի անդամները Այցելեցին Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարքին


ՀՄԸՄ-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան Լիբանանի անդամները հինգշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2015-ին այցելեցին Հայ կաթողիկէ համայնքի Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս պատրիարքին:

Նախ եւ առաջ ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ ընտանիքին անունով շնորհաւորութիւններ փոխանցուեցան ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ ընտրութեան ու գահակալութեան առիթով:

Այցելութեան ընթացքին ներկայացուեցան նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան աշխարհասփիւռ կազմին մանրամասնութիւնները եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայ իրավիճակը: ՀՄԸՄ-ի յառաջիկայ քառամեակի ծրագիրներն ու առաջադրանքները ներկայացնելով` շեշտը դրուեցաւ միութեան եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի ծրագիրներուն առնչուող բաժիններուն վրայ, որոնք պիտի իրագործուին 2018 տարուան ընթացքին:

Իր կարգին, Հայ կաթողիկէ համայնքի Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարք արծարծեց երիտասարդութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը` նոր սերունդի հայակերտման ու հայապահպանման աշխատանքին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.