2015-12-04 10:32:00

Հայազգի Աստղագէտ Երուանդ Թերզեան արժանացաւ ՆԱՍԱի մրցանակին


«168 Ժամ»ի համար գրուած իր յօդուածին մէջ Սոնա Ֆարմանեան կը տեղեկացնէ, թէ ամերիկահայ աստղագէտ, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ արտասահմանեան անդամ, Հայկական աստղագիտական ընկերութեան (ArAS) համանախագահ, Հայկական ազգային գիտական եւ կրթական հիմնարկի (ANSEF) գիտական խորհուրդի նախագահ, «Քորնըլ» համալսարանի փրոֆեսէօր Երուանդ Թերզեան ամբողջ կեանքի իր վաստակին համար ՆԱՍԱի կողմէ արժանացաւ մրցանակի (Lifetime Achievement Award): Ան ժամանակակից մեծ գիտնականներէն է։ Ան յայտնի է միջաստղային միջավայրի, մոլորակաձեւ միգամածութիւններու, ծիր կաթիններու, ռատիօաստղագիտութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ իր յայտնագործութիւններով, ինչպէս նաեւ հայ գիտութեան հանդէպ իր ցուցաբերած մեծ ծառայութիւններով:

Երուանդ Թերզեան ծնած է 9 Փետրուար 1939ին, Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս: Հայրը հայ էր, իսկ մայրը՝ յոյն. այսպիսով յոյները Թերզեանը կը համարեն յոյն մեծ գիտնական, իսկ հայերը՝ հայ մեծ գիտնական:








All the contents on this site are copyrighted ©.