2015-12-04 10:43:00

Կարդինալ Փարոլինի հեռագիրը կիներու միջազգային գիտաժողովի մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) 4-5 դեկտեմբերին, Քահանայապետական աշխարհականներու խորհուրդը Հռոմի մէջ կազմակերպած է ՝՝Կիներն ու աշխատանքը՝՝ խորագիրով միջազգային գիտաժողով մը որուն առթիւ` ուրբաթ, 4 դեկտեմբերին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փարոլին , յանուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, հեռագիր մը յղեց գիտաժողովի մասնակիցներուն, որուն մէջ   փոխանցեց Նորին Սրբութեան ողջուններն ու  մաղթանքը՝ որպէսզի գումարուած գիտաժողովը կարենայ նպաստել եւ հաստատել կնոջ անփոխարինելի դերը ընտանիքի  եւ զաւակներուն կրթութեան ծիրէն ներս, ինչպէս նաեւ ի յայտ դնել աշխատաւոր կիներու էական ներդրումը՝ մարդկութեամբ հարուստ  քաղաքական եւ տնտեսական կառոյցներու շինութեան մէջ, բացայայտելով  շօշափելի առաջարկներ եւ դրական տիպարներ ՝ ներդաշնակ դարձնելու համար  աշխատանքի  եւ ընտանեկան պահանջքները։

Հեռագիրն Աւարտին, Կարդինալ Փարոլին գիտաժողովի մասնակիցներուն ապահովեցուց Նորին Սրբութեան աղօթքն ու Անոր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.