2015-12-04 14:22:00

Գրիգոր Պետրոս Ի. այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիին


Շարունակելով Լիբանանի պետական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններուն իր այցելութիւնները, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը ուրբաթ 4 դեկտեմբեր կէսօրին  այցելեց  Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին, Այն էլ Թինէ, ուղեկցութեամբ Պատրիարքական Թեմին օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեանին, Զմմառու Միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Վանքի Մեծաւոր գերապայծառ հայր Գաբրիէլ թ. ծ. վ. Մուրտեանի, Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի, պետական երեսփոխան Մեթր Սերժ Թուրսարգիսեանի, եւ նախկին նախարար Մեթր Ժագ Չուխատարեանի եւ Անթուան Շատըրի։

Անդրադառնալով Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ընտրութեան եւ գահակալութեան, Խորհրդարանի նախագահը բարեմաղթանքները ներկայացուց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ՝ կարեւորելով  համայնքապետերուն խաղաղարար առաքելութիւնը շրջանէն ներս ստեղծուած խռովայոյզ իրավիճակին մէջ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Խորհրդարանի նախագահին՝ ջերմ ընդունելութեան, եւ իր գահակալութեան առթիւ  ներկայացուցած շնորհաւորութիւններուն ու բարեմաղթանքներուն համար։

Այնուհետեւ, աւելի քան 30 վայրկեան տեւած խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ առաւելաբար Լիբանանի անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերուն, ինչպէս նաեւ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումին եւ նախագահական ընտրութեան կարեւորութեան վրայ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.