2015-12-03 12:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Սամոաի անկախ պետութեան վարչապետին շնորհած ունկնդրութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր` 3 դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Սամոաի անկախ պետութեան վարչապետը, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղար գերապայծառ Անթուան Քամիլլերին։

Սիրալիր խօսակցութիւնները կեդրոնացան երկրին ընկերային եւ տնտեսական կեանքի մասին ինչպէս նաեւ գնահատուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սատարը Սամոաի ընկերութեան, յատկապէս դաստիարակչական մարզէն ներս։

Զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջազգային եւ շրջանային հարցերու շուրջ, յատուկօրէն անդրադառնալով Կլիմայական փոփոխութիւններու Փարիզի վեհաժողովին եւ Խաղաղական շրջանի երկիրներուն դիմագրաւած հարցերու շուրջ.








All the contents on this site are copyrighted ©.