2015-12-03 10:30:00

Պէյրութի Պատրիարքական թեմի առաջնորդ գերապ­­. Ասատուրեանի հովուական այցելութիւնը Քեսապ


Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեան յառաջիկայ Կիրակի, 5 Նոյեմբերին հովուական այցելութիւն մը պիտի տայ Քեսապ, ընկերակցութեամբ հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու պատուիրակութեան մը, որուն մաս պիտի կազմէ նաեւ  Թէլէ-֊Լիւմիէր  հեռատեսիլի կայանի աշխատակից մը։ Ասիկա պիտի հանդիսանայ Հայ կաթողիկէ բարձրաստիճան հոգեւորականի մը առաջին այցելութիւնը քեսապահայութեան՝  պատմական հայաւանին վրայ կատարուած ծանօթ ներխուժումէն ետք։ Աւանդական աղ ու հացով պաշտօնական դիմաւորութենէն ետք, գերապայծառ Ասատուրեան պիտի ուղղուի Քեսապի գերեզմանատունը ննջեցեալներու հոգիներուն հանգստեան պաշտօն կատարելու համար։ Այնուհետեւ ան պիտի պատարագէ Սբ. Միքայէլ եկեղեցւոյ մէջ, որուն 90 ամեակը պիտի նշուի եւ յաւարտ Սբ. Պատարագին, ընկերակցութեամբ  նաեւ Քեսապի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանին,  այցելութիւններ պիտի տայ Հայ առաքելական եւ աւետարանական հոգեւոր հովիւներուն, ինչպէս նաեւ հայաւանի քաղաքապետական պատասխանատուներուն, որոնց պիտի փոխանցէ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը համայն քեսապահայութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.