(Ռատիօ Վատիկան) 2 դեկտեմբեր 2015-ին, Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները անոնց յիշեցնելով թէ անցեալ կիրակի սկիզբ առաւ Յիսնակաց շրջանը։
''Բոլորդ կը յորդորեմ, Յոբելենական արտակարգ տարուան շրջագիծէն ներս, Ողորմած Հօր Դիմագիծ Յիսուսի` սուրբ ծննդեան նախապատրաստական շրջանը ապրելու, գթութեան հոգիով եւ աւելի ուշադրութիւն դարձնելով կարիքաւորներուն ինչպէս նաեւ առանձնական եւ հասարակական աղօթքով'' յարեց Սրբազան Հայրը։ Ան ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ըսելով. ''Խաղաղութեան Աստուածը ձեզ խթանէ սիրելի երիտասարդներ, ըլլալու երկխօսութեան եւ հասկացողութեան պատգամաւորներ. ձեզ սիրելի հիւանդներ` օգնէ, որպէսզի Քրիստոսի խաչին նայելով սորվիք անդորրութեամբ դիմագրաւել տառապանքները ու ձեզի սիրելի նորապսակեալներ ձեր նոր ընտանիքի կեանքին մէջ` աճեցնէ խաղաղութիւնն ու սէրը։
All the contents on this site are copyrighted ©. |