2015-12-02 09:23:00

Պոլսոյ մեթրոյին մէջ պայթում մը տեղի ունեցած է


«Հապերթուրք» կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ ժամանակացոյցով երեքշաբթի, 1 դեկտետմբերին,  կէսօրէ ետք ժամը 3:15-ին, Պոլսոյ Պայրամփաշա մեթրոյի կայարանին մէջ պայթում մը տեղի ունեցած է: Թրքական լրատուամիջոցներու փոխանցումով  պայթումին պատճառով արձանագրուած է մէկ զոհ: Կան նաեւ վիրաւորներ:

Թուրքիոյ արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւնը հաղորդած է, որ տեղի ունեցած պայթումը ելեկտրական սարքի պայթումին պատճառով է:








All the contents on this site are copyrighted ©.