2015-12-02 09:36:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ։ Առանձնութիւնը։


Շատեր կը դժգոհին առանձնութենէ: Ներկայ աշխարհը, որ կը կարծուէր թէ արհեստագիտութիւնը իր ընձեռած դիւրութիւններուն միջոցաւ մարդկութիւնը ամէն պահու իրարու քով բերելու հնարաւորութիւնը պիտի ստեղծէր, ձախողած կը համարուի՝ ընդհանուր առումով: Որովհետեւ արհեստագիտութեան առաջադրած ընկերային ցանցերու սրընթաց վազքը եթէ մէկ կողմէ, աշխարհը փոքրացնելով՝ իրարու միացուց, միւս կողմէ սակայն բաժնեց ու հեռացուց: Վաղուց «կորսուած» վաղեմի ծանօթներ գտնելու կամ «աշխարհի միւս ծայրը» գտնուող անծանօթին հետ ընդամէնը քանի մը վայրկեանի մէջ ծանօթանալու «հրաշքին» հակառակ, սակայն, նոյնիսկ խճողուած սրահի մը մէջ առանձնացած ու իր շրջապատէն կտրուած մարդու կարելի է հանդիպիլ ամէն ատեն:
Աշխարհի առօրեայ կեանքի այսքան «իրարանցումին» մէջ, երբ ամէն երկվայրկեան կարելի է «մէկու մը հանդիպիլ», դեռ կան շատե՜ր, որոնք կը դժգոհին առանձնութենէ: Ոմանց տարիքը բարձր ըլլալուն, յանկարծ կ՛անդրադառնան, որ իրենց սերունդէն մարդ չէ՛ մնացած ալ, եւ առանձնութեան ու ներհայեցողական կեանք մը կը սկսին ապրելու ակամայ: Երբեմն անոնք պատահաբար կը յաջողին քանի մը երիտասարդներու հետ մտերմութիւն ստեղծել, ընկերանալ անոնց պտոյտներուն եւ հաւաքոյթներուն, սակայն շուտով կը տեսնեն, թէ տարիքային մեծ տարբերութիւնը նաեւ հետաքրքրութեանց տարբերութեան պատճառ կը դառնայ: Այդ լայն տարբերութիւնը առիթ կը հանդիսանայ, որ անոնք երբեմն ծաղրի առարկայ դառնան կամ անզգալաբար հեռացուին երիտասարդներու շրջանակէն, ինչքան ալ «հոգիով երիտասարդ» ըլլան այդ ծերունիները: Անշուշտ այս հեռացումը ունի իր հիմնական առիթը՝ երբ տարեց մարդիկ, ըստ իրենց սովորութեան, անցեալը բազմիցս վերյիշելով, միեւնոյն յուշերը պատմած ըլլալնին մոռնալով, դարձեալ պատմելով, կը ձանձրացնեն իրենց երիտասարդ ունկնդիրները: Անոնցմէ շատեր չեն վարանիր յիշեցնելու պատմողին, թէ նոյն յուշը հազար անգամ լսած են եւ չեն փափաքիր անգամ մը եւս լսել: Իսկ ուրիշներ քաղաքավարութեան զոհ երթալով, համբերութեան ու անհամբերութեան միջեւ տեղ մը կը ծուարին, սպասելով բազմիցս լսուած պատմութեան աւարտին:
Կայ տակաւին կամաւոր առանձնութիւնը, որուն ենթակային կրօններ «մենակեաց» պատուանունը կու տան: Ասոնք բացառիկ անձնաւորութիւններ են, որոնք ճգնազգեաց կեանքով կրնան առանձին ապրիլ, ընտրելով անմարդաբնակ վայրեր՝ լեռներու կատարներ կամ հեռաւոր անապատներ: Այսպիսով անոնք աստուածամերձ ըլլալու սեփական փորձառութիւնը կը մշակեն հոգեկան եւ ֆիզիքական մակարդակներու վրայ, որ եօթներորդ դարուն նաեւ վարակիչ դարձաւ մեր ազգին համար, երբ վանական դրութիւնը ծաղկեցաւ մեր հայրենի լեռներուն վրայ, ներգրաւելով վանականութեան ուխտ կատարող բազմաթիւ նորընծաներ:
Ամէն մարդ ազատ է իր կեանքը առանձնութեան մէջ ապրելու կամ ոչ: Իսկ մէկուն առանձնացման մասին յերիւրածոյ ու ստապատում փաստարկումներ կատարելը միայն իմաստակութեան նշան պէտք է համարել:
Բայց ի՞նչ է եւ ինչպէ՞ս կը ստեղծուի իսկակա՛ն առանձնութիւնը մարդու կեանքին մէջ:
Իսկական առանձնութիւնը կը ստեղծուի այն պահուն, երբ մարդ շրջապատուած ըլլայ թշնամիներով… Ասոր գործնական մէկ պատկերը կարելի է մտաբերել, երբ պատկերացնենք պատերազմի դաշտին վրայ գտնուող զինուոր մը, որ յանկարծ կը յայտնուի կիրճի մը մէջ, ուր իր բանակակիցներէն ոչ ոք կայ, այլ ընդհակառակը, թշնամի բանակի զինուորներուն ձայնը կը լսէ շատ մօտէն: Այդ զինուորը կը համարուի ամբողջութեամբ առանձին մնացած անձ, որ փրկուելու դոյզն յոյսն անգամ կը կորսնցնէ ակնթարթի մը մէջ: Ահա այսպիսի առանձնութեան մասին է խօսքը, երբ մարդ նոյնիսկ խճողուած ու «բարեկամներու» շրջանակին մէջ կրնայ մինակ զգալ, ապրելով իսկական առանձնութիւնը:
Ինքնադաստիարակութեան միջոցները լաւագոյն մխիթարութիւնը կը հանդիսանան նման առանձնութեան մէջ յայտնուող մարդուն, երբ ան կը փորձէ գձձութիւններէն վեր մնալ, ու իր զոյգ ականջները փակել ամէն տեսակ «աղմուկի» դիմաց: Իսկ կատարուող քննադատութիւններու ծանծաղամիտ ոգին շուտով կը բացայայտուի եւ ծիծաղի առարկայ կը դառնայ հասկացողութիւն ունեցող մարդոց միտքին մէջ:
Իսկական այս առանձնութիւնը յաղթահարելի երեւոյթ է մարդկային մեր կեանքին մէջ:

Մարդ իր առանձնութեան մէջ առանձին չէ, որովհետեւ նախ Աստուած եւ ապա իր ներքին ինքնավստահ անձը ունի իր կողքին, որոնց զօրութիւնը կը տապալէ ամէն տեսակի ինքնահաւան եւ հզօրագոյն զէնքներով զինուած կարծեցեալ հակառակորդ:








All the contents on this site are copyrighted ©.