2015-12-02 10:55:00

Էրպիլի մէջ վրան մը որպէս սուրբ Դուռ Ողորմութեան յոբելենական տարւոյն առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Իրաքի կաթողիկէ համայնքը, իր հայրենիքին մէջ որպէս գաղթական, կը պատրաստուի ապրիլ Ողորմութեան յոբելենական ս. տարին։

Իրաքի Քիւրտստանի մայրաքաղաք`  Էրպիլ քաղաքին մէջ , վրան մը պիտի հանդիսանայ որպէս Ողորմութեան Յոբելենական Տարուայ Սուրբ Դուռ, ուր հաւատացեալները մուտք պիտի գործեն ընդունելու լիակատար ներողութիւն, աղօթելով իրենց սիրելիներուն ու համայն Իրաքի համար։ 

Քաղդէացիներու Պատրիարք` գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայել Սաքոյի գնահատումով Իրաքի քրիստոնեաներու յատկանիշը եղած է նահատակութիւնը։ Անոնք կը բաղձան հայրենական տունը վերադառնալ, սակայն այս մէկը առ այժմ անկարելի կը թուի։

Իր հաւատացեալներուն ուղղած հովուական թուղթին մէջ քաղդէացիներու պատրիարքը կը գրէ. ''ողորմութիւնը քրիստոնեային ճանապարհն է. կը խրախուսեմ ձեզ սիրելի հաւատացեալներ ապրիլ Յոբելինական տարին ոգեկոչելով ու ապրելով նահատակներու յիշատակով, ինչպէս ըրին Մոսուլի արքեպիսկոպոսը  Փաոլօ Ֆարայ Ռահհօ եւ Ռակիտ, Կաննի, Ուասիմ եւ Թահիր քահանաները ու բազմաթիւ հաւատացեալներ, որոնք իրենց կեանքը տուին հաւատքին սիրոյն ի սպաս։

Մենք որպէս փոքրամասնութիւններ կը գտնուինք դժուարութիւններու ու զոհողութիւններու առջեւ, սակայն գիտակից ենք թէ մենք Քրիստոսի վկաներն ենք եւ ասիկա կրնայ մեզ առաջնորդել դէպի նահատակութիւն։ Քրիստոսի սիրոյն բաց թողունք Ողորմութեան Դուռը։ Մեր նահատակները մեր փառքն են ու նշան անձնուիրումի։

Քաղդէացիներու Պատրիարք` գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ մտադիր է Սուրբ Դռան բացումը կատարել յառաջիկայ 16 Դեկտեմբերին, Պաղտատի Ցաւագին Տիրամօր աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ուր կը ննջեն պատրիարքները։ Իրաքի եկեղեցին մտադիր է Ս. Տարուան ընթացքին ուխտագնացութիւն կատարել դէպի Ուր` Աբրահամ նահապետի հայրենիքը։

Իսկ 19 Դեկտեմբերին Արքեպիսկոպոս Պաշար Մաթթի Ուարտա   ս. Դրան բացումը պիտի կատարէ Քիւրտիստանի մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.