(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 30 նոյեմբերի երեկոյեան, վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Քենիա, Ուկանտա եւ Կեդրոնական Ափրիկէ կատարած առաքելական 11-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը Հռոմի Չամփինօ օդակայան ժամանեց երեկոյեան ժամը 7-ին շուրջ եւ Հռոմ վերադարձի թռչիքի ընթացքին, սովորութեան համաձայն, հեռագիրներ ուղղեց այն երկիրներու պետական իշխանութիւններուն որոնց օդային տարածքին վրայէն անցաւ` Կեդրոնական Ափրիկէ. Չիատ, Նիճեր.Ալճերիա. Թունիս, եւ Իտալիա , անոնց մաղթելով խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն եւ ապահովելով միշտ իր աղօթքները ։
Հռոմ ժամանումին, երեկոյեան ժամը 6.30ին, Ֆրանչիսկոս Պապ անմիջապէս ուղղուեցաւ Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճորէ Տաճար, ուր ''Սալուս Փոփուլի Ռոմանի'' Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ զետեղեց փունջ մը ծաղիկ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց` Ափրիկէի ճամբորդութեան յաջողութեան եւ պարգեւուած շնորհքին համար։
All the contents on this site are copyrighted ©. |