2015-11-30 11:59:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Պանկիի մզկիթը ՝՝Բոլորս եղբայրներ ենք,միացած մնանք՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 30 նոյեմբերի առաւօտեան 8.15­ին, Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Պանկիի մէջ գտնուող մահմետականներու մզկիթը՝ ուր դիմաւորուեցաւ հինգ Իմամներու կողմէ։

Այս առթիւ անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքէն մէջ, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց Եղբայրական կապերը որոնք կը միացնեն  Քրիստոնեաներն ու Մահմետականները վերահաստատելով, թէ երկիրը ցնցող բռնութիւնները,  հիմնուած չեն կրօնային  պատճառներու վրայ, ընդհակառակը՝ քրիստոնեաները, մահմետականները ու աւանդական կրօններու անդամները, երկար տարիներէ ի  վեր միասնաբար՝ խաղաղութեամբ  ապրած են ։

Ֆրանչիսկսո Պապ  ապա միասնականութեան եւ քաջալերանքի  կոչ ուղղեց ըսելով,

՝՝Միասնաբար՝ ոչ ըսենք ատելութեան, վրէժխնդրութեան, բռնութեան, մասնաւորապէս կրօնի կամ Աստուծոյ  անունով կատարուածներուն։ Աստուած խաղաղութիւն է , ''Սալամ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ կարեւոր նկատելով քրիստոնեաներու եւ մահմետական հասարակութիւններու ղեկաւրներուն դերակատարութիւնը ի սպաս՝ եղբայրութեան եւ համերաշխութեան վերահաստման,  խրախուսելով զանոնք իրենց լաւագոյնը կատարելու, որպէսզի իրենց երկիրը դառնայ բոլոր զաւակներուն համար, հիւրընկալ տուն մը՝ ուր տեղի չտրուի ցեղային , քաղաքական պատկանելիութեան եւ կրօնային դաւանանքի խտրականութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.