2015-11-30 09:34:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Պանկիի Մանկաբուժարանը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 29 նոյեմբերի յետմիջօրէին Պանկիի մէջ գլխաւորած սուրբ պատարագի եւ Յոբելենական սուրբ դռան արարողութենէն առաջ Ֆրանչիսկոս Պապ, պաշտօնական յայտագիրէն դուրս այցելութիւն մը կատարեց Պանկիի Մանկաբուժարանին, այնտեղ խնամուած մանուկներուն տանելով Հռոմի ''Մանուկ Յիսուս'' Վատկիկանեան հիւանդանոցին կողմէ տրամադրուած դեղորայք։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի բանբեր Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին։

Նորին Սրբութիւնը ապա Պանկիի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորած Դռնբացի արարողութենէն ետք յայտնեց` Այսօր Պանկին կը դառնայ աշխարհի հոգեւոր Մայրաքաղաքը։ Ողորմութեան Սուրբ Տարին  կանխաւ հասաւ այս հողամասին վրայ։ Հողամաս մը որ տարիներէ ի վեր կը տառապի պատերազմի եւ ատելութեան, անհասկացողութեան եւ խաղաղութեան պակասի պատճառաւ։ Այս տառապող երկրին մէջ կան նաեւ բոլոր այն երկիրները որոնք կ՛անցնին պատերազմի խաչէն։ Պանկին կը դառնայ աղօթքի եւ Հօր ողորմութեան հոգեւոր մայրաքաղաքը։

Ամէնքս կը հայցենք խաղաղութիւն, հաշտութիւն, ներողութիւն ու սէր, Պանկիին, Կեդրոնական Ափրիկէին ու համայն աշխարհին համար։ Ամէնքս կը հայցենք սէր եւ խաղաղութիւնը։ ''Տոյէ Սիրիրի'' այս աղօթքով սկիզբ տանք Սուրբ Տարուան` հոս աշխարհի այս հոգեւոր մայրաքաղաքին մէջ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ սկիզբ տալով Ափրիկէի Յոբելինական Սուրբ Տարուան։








All the contents on this site are copyrighted ©.