2015-11-30 14:11:00

Ս. Աթոռի պատուիրակութիւնը կը մասնակցի ս. Անդրէաս առաքեալի տօնախմբութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Սովորութեան համաձայն­ ամէն տարի Ս. Աթոռի եւ Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան միջեւ տեղի կ՛ունենայ պատուիրակութիւններու փոխադարձ այցելութիւններ։ Արդարեւ 29 Յունիսին Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը Հռոմ կը հասնի մասնակցելու ս. Պետրոս առաքելապետի տօնախմբութեան, իսկ 30 Նոյեմբերին Ս. Աթոռի պատուիրակութիւնը Իսթանպուլ կը մեկնի մասնակցելու ս. Անդրէաս առաքեալի տօնախմբութեան։

Այս տարի Վատիկանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ կարդինալ Քիւրդ Քոխը` նախագահը եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին։

Ս. Աթոռի պատուիրակութիւնը` 30 նոյեմբերին, ներկայ գտնուեցաւ ս. Գէորգ  եկեղեցւոյ մէջ Բարթողոմէոս պատրիարքի մատուցած ս. Պատարագին,  որուն աւարտին տիեզերական պատրիարքը կարդաց ֆրանչիսկոս Պապի ինքնագիր պատգամը, որով Սրբազան Հայրը շնորհաւորելով այս սուրբ տօնը կ՛ընդգծէ թէ  ''նախապայմանները գոյացած են վերահաստատելու հաւատքի կատարեալ միութիւնը։ Վերահաստատելէ ետք սիրոյ ու եղբայրակցութեան կապը, փոխադարձ վստահութեան ոգիով։ Ոչ մէկ արգելք կայ միասնաբար գտնուելու Աստուծոյ սեղանին շուրջ կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ ''արդարեւ հոն ուր սէրը կայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ արգելք մը չկայ խաղաղութեան փոխանակումին Ս. Զոհի ընթացքին։ Աստուծոյ սէրէն շարժած, պէտք է միասին աշխարհին ընծայենք հաւատաւոր ու ազդու վկայութիւն մը` Քրիստոսի փրկութեան ու հաշտութեան պատգամին''։

Ֆրանչսիկոս Պապ  իր պատգամին մէջ կ՛ընդգծէ ապա Բարթողոմէոս Պատրիարքի յանձնառումը արարչագործութեան պահպանումի ու խնամատարութեան ի խնդիր։ ''Ուրախ եմ որ Օրթոտոքսներն ու Կաթողիկէները ամէն տարի մէկ Սեպտեմբերին միասնաբար պիտի աղօթեն Արարչագործութեան խնամատարութեան համար­'' կը գրէ Քահանայապետը մատնանշելով նաեւ Փարիզի մէջ գումարուած բնապահպանութեան հայող վեհաժողովին։

Սրբազան Հայրը պատգամին մէջ կ՛անդրադառնայ ապա  աշխարհի մէջ տիրող բռնութիւններուն եւ ահաբեկչութիւններուն եւ հրատապ կը նկատէ այս իրականութիւններուն դիմաց Քրիստոնեաներու միութիւնը որպէս պատասխան սիրոյ եւ եղբայրութեան։ Ան ապա կը գրէ. ''հարկաւոր է որ մարդկութիւնը ճանչնայ Աստուծոյ ողորմութեան խորհուրդը'' մատնանշելով Ողորմութեան Յոբելինական Տարւոյն որուն բացումը պիտի կատարուի յառաջիկայ 8 դեկտեմբերին Վատիկանի մէջ։

Նորին Սրբութիւնը ապա կը խնդրէ աղօթել Փարիզի վեհաժողովին համար, Յոբելինական տարւոյն համար ու ապա իր աղօթքը կը վստահեցնէ յառաջիկայ 2016 տարուան ընթացքին կայանալիք համա-օրթոտոքս Սիւնհոդոսի դիտաւորութեան։

Յայտնենք թէ Վատիկանի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Բարթողոմէոս Պատրիարքին հետ եւ տեսակցութիւն ունեցաւ պատրիարքութեան սիւնհոդոսի անդամներուն հետ։

Նշենք նաեւ թէ Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ գլխաւորած եզրափակիչ սուրբ պատարագի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուզեց յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղել ''Ափրիկէի սրտէն'' իր սիրելի եղբօր Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոսին, անոր մաղթելով երջանկութիւն եւ  եղբայրութիւն եւ Տիրոջմէ խնդրելով որ օրհնէ երկու եկեղեցիները։








All the contents on this site are copyrighted ©.