2015-11-29 15:13:00

Պանկիի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց գաղթականներու ճամբար մը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 29 նոյեմբեր 2015-ի յետմիջօրէին Պանկի կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց ''գաղթականներու'' ճամբար մը եւ այս առթիւ ողջունելով Ճամբարի գաղթականները Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ. ''իմացայ թէ մանուկները կը գրեն` խաղաղութիւն, միութիւն, ներողութիւն եւ....սէր։ Մենք պէտք է աշխատինք ու աղօթենք որպէսզի խաղաղութիւնը հաստատուի։ Խաղաղութիւնը սակայն առանց սիրոյ, առանց բարեկամութեան, առանց հանդուրժողութեան եւ առանց ներումի անկարելի է։ Մեզմէ ամէն մին իր կրցածը ընելու է եւ ես ձեզի կը մաղթեմ խաղաղութիւն։ Կը յուսամ որ կարենաք ապրիլ խաղաղութիւնը որեւէ ցեղի, մշակոյթի­, կրօնի եւ կամ ընկերային դասակարգի որ պատկանիք։ Որովհետեւ ամէնքս եղբայրներ ենք։ Կը փափաքէի որ ամէնքս միասին ըսենք մենք եղբայրներ ենք։ Դարձեալ կրկնենք` մեր եղբայրներ ենք եւ ասոր համար խաղաղութիւն կ՛ուզենք։

Սրբազան Հայրը ապա ներկաներուն տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եւ խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.