2015-11-29 09:27:00

Ուկնատայի Կղերական դասին հետ հանդիպում։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 28 նոյեմբերի երեկոյեան Ֆրանչիսկոս Պապ նախ հանդիպում ունեցաւ  Ուկնատացի եպիսկոպոսներուն հետ ապա Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ մէջ հանդիպեցաւ Ուկնատայի կղերական դասին հետ`քահանաներուն, կրօնաւորներուն եւ Ուկանտայի ժառանգաւորներուն հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը որուն մէջ անոնց ուշադրութեան յանձնեց, թէ ո՞րն է իրենց ինքնութեան եւ կոչումին գլխաւոր նկարագիրը։

Սրբազան Հայր գրաւոր իր ճառը յանձնելով Կղերական կեանքի պատասխանատու եպիսկոպոսին, անպատրաստից խօսք մը ուղղեց ներկաներուն շեշտը դնելով յիշողութեան, վկայութեան եւ հաւատարմութեան վրայ մինչ գրաւոր ճարին մէջ Ան դիտել տուած էր  թէ կոչումը կը կայանայ պարզ գործերու եւ խոնարհ ծառայութեան մէջ։  Եւ թէ քրիստոնէութիւնը Ուկանտայի մէջ հաստատուած է Յիսուսի սիրոյն վկաներու մեծ թիւի մը՝ հաւատարիմ աշխարհականներու, քրիստոնէականի ուսուցիչներու, քահանաներու եւ կրօնաւորներու ձեռքով։ Հետեւաբար նաեւ ներկայիս, քահանաները եւ կրօնաւորական կեանքի նուիրեալները պէտք չէ երբեք մոռնան այն «Այո»ն, որ տուած են Յիսուսի եւ Անոր ժողովուրդին։ «Մեր դռները եւ մեր եկեղեցիներու դռները, եւ յատկապէս մեր սրտերուն դռները պէտք է մշտապէս բաց մնան Աստուծոյ ժողովուրդին, մե՛ր ժողովուրդին դիմաց», շեշտեց Սրբազան Պապը, նկատելով որ «սակայն պէտք չէ բաւարարուինք ասով։ Մենք միշտ աւելին կրնանք ընել, մղոն մը աւելի կրնանք կտրել՝ մեր ճանապարհին վրայ։» Աստուծոյ ժողովուրդը կը ձգտի նոր կեանքի մը, ներումի եւ խաղաղութեան։ «Հետեւաբար, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, կը խնդրեմ յատկապէս Պուրունտիի ժողովուրդէն, որ Տէրը իշխանութիւններու եւ ամբողջ ընկերութեան մէջ արթնցնէ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան, հաշտութեան եւ խաղաղութեան զգացումներ։» Ասոր իրականացման համար քահանաները եւ կրօնաւորները յատուկ ծառայութիւն մը ունին մատուցանելիք։ Անոնց պարտականութիւնն է՝ ընկերակցիլ այն անհատին, որ կը տառապի, պէտք է թոյլ տան, որ Աստուծոյ բուժիչ զօրութիւնը իրենց միջոցաւ գործէ։ Նախ եւ առաջ սակայն՝ պէտք է թոյլ տան, որ Ան ողորմութեան ալիքները իրենց վրայ հեղու, զիրենք մաքրէ եւ վերականգնէ, որպէս զի անոնք իրենց կարգին այդ ողորմութիւնը փոխանցեն ուրիշներուն, յատկապէս անոնց, որոնք կը գտնուին ծայրամասերու վրայ։» Քահանայապետը նշեց սակայն, որ դժուարին է այս բանը, որովհետեւ շատ մը ցրուածութիւններ մեր խիղճը կը մշուշապատեն, ինչպէս եւ մտածելու ունակութիւններ եւ կերպեր մեզ հոգեւոր ծուլութեան կը տանին։ Մինչ Տիրոջ կոչը ուրախութեան աղբիւր մըն է եւ ծառայելու կոչ մը։ Սրբազան Պապը եզրափակեց խօսքը ըսելով՝ «Մեծ յոյսով պիտի թողում Ափրիկէն։ Կը խնդրեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրէն որ աղօթէք առաքելական եռանդի առատ զեղումին համար, մասնաւորապէս մաքուր սիրտ մը ունենալու շնորհքին համար. սիրտ մը, որ միշտ բաց ըլլայ բոլոր մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն դիմաց։»








All the contents on this site are copyrighted ©.