2015-11-28 12:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց հարաւային Սուտանի նախագահը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 27 նոյեմբերի երեկոյեան, Ուկանտայի՝ Քամփալա քաղաքի Պապական Նուիրակութեան մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց հարաւային Սուտանի նախագահ՝ Տիար Սալվա Քիիրը։

Այս մասին արտայայտուելով Վատիկանի բանբեր Հայր Ֆետերիքօ Լոպարտին, յայտնեց, թէ  սոյն հանդիպումը, Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ յատուկ ժէստ մըն է որուն միջոցաւ Սրբազան Հայրը վկայութիւն կու տայ թէ որքանով  Ան ՝մօտիկէն կը հետեւի  հարաւային Սուտանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն,  որ Ափրիկէի ցամաքամասի ամենէն երիտասարդ երկիրն է (Անկախ հռչակուած է Յուլիս 2011-ին) եւ անոր հիմնախնդիրներէն մին է Կաթողիկէ եպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Չէզարէ Մազզոլարին, որուն ճակատագիրը  տակաւին անյայտ  է Հարաւային Սուտանի անկախ հռչակուելէն ետք։

Յայտնենք, թէ վերջին հինգ տարիներուն, Հարաւային Սուտանի մէջ երբեք խաղաղութիւն չէ տիրած, հակառակ որ անոր անկախութեան հռչակման ներշնչման աղբիւր հանդիսացած է այն գաղափարականը որ երկրին զանազան ցեղերու միջեւ խաղաղութիւն տիրէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.