2015-11-28 15:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց ողորմութեան տունը


(Ռատիօ Վատիկան) Երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը այցելեց  Նալուքոլոնկոյի  ''Ողորմութեան Տունը'' որ կը հիւրընկալէ ամէն կրօնի եւ ցեղի պատկան աղքատներ եւ չքաւորներ որ  հիմնուած է 1978-ին Կարդինալ Էմմանուել Քիքուանուքայի Նզուպուկայի  կողմէ։

Ողորմութեան Տուն ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Տան մեծաւոր մօր կողմէ եւ անմիջապէս ուղղուեցաւ Տան մատուրը ուր պահ մը աղօթքի մէջ ամփոփուեցաւ, ապա՝ այցելեց կարդինալ Նզուպուկայի  շիրիմը, հուսկ հանդիպեցաւ Տան բնակիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ այլ բարեսիրական հաստատութիւններու եւ այս առթիւ այնտեղ գտնուող անձերուն հետ, անոնց ուղղելով ողջոյնի խօսք մը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բարի Սամարացի մայրապետներու միաբանութեան անդամներուն՝ իրենց լռելեան եւ ուրախութեամբ կատարած աշխատանքներււն համար եւ բարձր արժեւորելով Ողորմութեան տունը ըսաւ ՝՝Ողորմութեան տունը , տուն մըն է որուն մէջ կը բնակի եւ կը զգացուի Յիսուսի ներկայութիւնը, որ  կը սիրէ  իւրաքաչնիւրին՝ Աստուծոյ գորովով։

Այս առթիւ Սրբազան Հայրը իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնելով ‘'բարի սամարացիի'' նման կատարուած լռելեան ծառայութեան համար յատկապէս ''Սիտա''ի հիւանդութեամբ տառապողներու խնամակալութեան։ Նորին Սրբութիւնը ապա կոչ ուղղեց բոլոր ժողովրդապետութիւններուն եւ Ուկանտայի եւ համայն Ափրիկէի մէջ գտնուող հասարակութիւններուն, երբեք չմոռնալու աղքատները։

՝՝Աւետարանը մեզ կը պարտադրէ դուս գալ եւ երթալ ընկերութեան արուարձանները եւ այնտեղ գտնել Քրիստոսը՝ տառապողներուն եւ կարիքաւորներուն մէջ ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ թելադրեց ՝՝Որպէս քրիստոնեաներ , չենք կրնար պարզապէս ականատես մնալ։ Մեր ընտանիքները պէտք են  աւելի յստակ նշաններ դառնալ, Աստուծոյ համբերատար՝ Ողորմութեան սիրոյ, ոչ միայն մեր զաւակներուն եւ երէցներուն հանդէպ, այլ բոլոր անոնց որոնք մեր կարիքը ունին ։

 Մեր ժողովրդապետութիւնները պէտք չեն փակել իրենց դռները ու  ականջները՝ աղքատներու աղերսի դիմաց յանձնարարեց Ֆրանչսիկոս պապը ի ողջոյնի խօսքին մէջ։ 

Ողորմութեան Տան տուած այցելութենէն ետք երեկոյեան` Ֆրանչիսկոս Պապ Ուկանտայյի առաջնորդարանին մէջ նախ հանդիպում ունեցաւ  Ուկանտացի եպիսկոպոսներուն հետ ապա Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ մէջ հանդիպեցաւ  Ուկնատայի կղերական դասին`քահանաներուն կրօնաւորներուն եւ նորընծաներուն հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը եւ եզրափակելով Ուկանտա կատարած առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.