2015-11-28 09:32:00

Թուրքիոյ մէջ ձերբակալած են յայտնի լրագրողներ


Թուրքիոյ մէջ մեծ աղմուկ բարձրացուցած է Սուրիոյ ահաբեկիչներուն զէնք ուղարկելը ապացուցած լրագրողներ Ճան Տիւնտարի եւ Էրտեմ Կիւլի կալանաւորումը:

News.am-ը կը տեղեկացնէ, էր թրքական Nokta պարբերականը փոխանցած է` յայտնի լրագրողները կը մեղադրուին պետական գաղտնիքը բացայայտելուն մէջ: Լրագրողներուն դէմ ներկայացուած հայցի քննարկման ժամանակ դատարանը անոնց նկատմամբ կալանաւորման որոշում կայացուցած է:

Ճան Տիւնտարն ու Էրտեմ Կիւլը ապացոյցներ հրապարակած էին, որ Թուրքիա պետական մակարդակով զէնք կ՛ուղարկէ Սուրիոյ մէջ կռուող զինուած խմբաւորումներուն` «Ազգային հետախուզութեան ծառայութեան» միջոցով:

Ճան Տիւնտարի գլխաւորած Cumhuriyet պարբերականը հրապարակած էր նաեւ դէպի Սուրիա գացող զէնքերով լի բեռնատարներու լուսանկարները:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.