2015-11-28 09:42:00

«Մարտահրաւէրները դիմակայելու համար մենք պետք է մեկտեղենք մեր ուժերը». Հրանոյշ Յակոբեան


Նոյեմբեր 27-ին մեկնարկեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Ռուսաստանի հայերու միութեան, “Գալուստ Կիւլպէնկեան” հիմնարկութեան  եւ Նիժնի Նովգորոդի “Իմաստ”  երիտասարդական ընկերակցութեան կողմէն համատեղ կազմակերպուած Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայկական  երիտասարդական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու երկրորդ համաժողովը` “Ապագա” խորագիրով: Կը մասնակցին շուրջ 70  երիտասարդ` աշխարհի 10 երկրէ:

Համաժողովի բացման արարողութեան ներկայ էին կառավարութեան ներկայացուցիչներ, պետական եւ հասարակական գործիչներ` Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն:

Բացման արարողութեան սկիզբը ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընթերցեց ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը:

Ապա համաժողովի մասնակիցներուն իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան. “Սիրելիբ երիտասարդներ, այսօր մենք ունենք համաշխարհային, արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրներ: Այս մարտահրաւէրներին դիմակայելու համար մենք պէտք է մէկտեղենք մեր ուժերը: Հայաստանից դուրս ապրող  երիտասարդի գլխաւոր պայքարը հայ մնալու, հայկական ինքնութեան պահպանման համար է: Ձեր գլխաւոր նպատակը պէտք է լինի նաեւ Հայ դատի խնդիրները Ձեզ վրայ վերցնելու եւ շարունակելու կամքն ու վճռականութիւնը: Հայ երիտասարդը պէտք է լինի մրցունակ: Այդ պատճառով նա պէտք է լինի կիրթ: 21-րդ դարը գիտելիքի դար է: Մենք նաւթ ու գազ չունենք, մեր բնական հարստութիւնը խելքն է, որն անսպառ է”:

ՀՀ սպորտի եւ երիտասարդութեան հարցերի նախարար Գաբրիէլ Ղազարեանն իր խօսքի մէջ նշեց, թէ պատահական չէ, որ համաժողովը կը կրէ “Ապագա” խորագիրը: “Մեր ապագան մեր երիտասարդներն են: Ես շատ ուրախ եմ, որ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կապը շատ հզօր է, յատկապէս երիտասարդների շրջանում: Համոզուած եմ, որ համաժողովը կը տայ սպասուած արդիւնքը,- ըսաւ նախարարն ու յորդորեց երիտասարդներուն զբաղիլ մարմնամարզութեամբ, առողջ ապրելակերպով,-դուք պէտք է  Ձեր օրինակով քաջալերէք, որ մեր մանուկները եւս առողջ լինեն”:

Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի եւ Ռուսաստանի հայերի միութեան փոխնախագահ Արամ Սարգսեանն իր ողջոյնի խօսքում նշեց, որ Համաշխարհային հայկական կոնգրէսը եւ Ռուսաստանի հայերի միութիւնն իրենց գործունէութեան մէջ նոր փուլ են սկսում, որը շատ համերաշխ ձեւով իրականացնում են Սփիւռքի նախարարութեան հետ: «Երիտասարդնեբր, ուզում եմ Ձեզ մի խորհուրդ տալ, որքան հնարաւոր է շատ օգտուէք Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի մտաւոր բարիքներից, -դիմելով երիտասարդներին ասաց Արամ Սարգսեանն ու յաւելեց, -մենք կարեւորում ենք հայրենիքի առջեւ երիտասարդների պատասխանատուութիւնը: Հայրենիքը նաեւ Ձեր միջոցով պէտք է հզօրանա”:

Նիժնի Նովգորոդի “Իմաստ”  երիտասարդական ընկերակցութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Անի Մխիթարեանը, որ նշեց, թէ “Ապագա” համաժողովը մէկ տարուան աշխատանքի արդիւնք է, որ բաւական հեռահար նպատակներ ունի: Իսկ առաջնահերթը Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայ երիտասարդներու, առաջնորդներու շփումն է եւ համախմբումը հայանպաստ ծրագիրներու շուրջ:

Համաժողովը կը շարունակէ իր աշխատանքները թեմատիկ քննարկումներով:

Աւելցնենք, որ համաժողովի հիմնական նպատակներն են` բացայայտել եւ համախմբել գիտութեան, իրաւունքի, քաղաքականութեան, լրագրութեան, տեղեկատուական գիտարուեստի, արուեստի, մշակոյթի եւ այլ ոլորտներու մէջ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայ գործուն երիտասարդներու ներուժը եւ քննարկել անոնց կողմէն Հայաստանի մէջ զարգացման ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւնը, նպաստել մայրենի լեզուի եւ ազգային ինքնութեան պահպանման, դիմակայել երիտասարդներու ուծացման մարտահրաւէրները, ամրապնդել Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութիւնը եւ համայնք-համայնք կապերը:

Համաժողովի աշխատանքները կը շարունակուին Նոյեմբեր 28-ին: Մասնակիցները պիտի այցելեն Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.