2015-11-27 09:43:00

Սուրիացի Փախստականներուն օգնելու համար՝ Գանատան 76 միլիոն տոլար պիտի փոխանցէ ՄԱԿ-ին


Գանատայի կառավարութիւնը 76 միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ ՄԱԿ-ին` սուրիացի փախստականներուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար: Ըստ Tert.am-ի՝ այդ մասին յայտնած է միջազգային զարգացման եւ ֆրանսախօս համայնքներու հարցերով նախարար Մարի Քլոդ Պիպոն։

Անոր խօսքով` տուեալ միջոցները անհրաժեշտ են Սուրիոյ քաղաքացիներու «ամենօրեայ կարիքներ»-ու համար:

«Մենք գիտենք, որ սուրիացիները սնունդի կարիք ունին, կը խօսին պարտքերու մասին, որոնք կ՝ունենան ամենօրեայ կարիքները հոգալու համար, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր օր կը վտանգեն կեանքը` փորձելով լքել Սուրիան»,- նշած է նախարարը:

Օրերս Գանատայի առողջապահութեան նախարար Ճէյն Ֆիլբոդը յայտնած է, որ Գանատան մինչեւ 2016թ. Մարտ Սուրիայէն պիտի ընդունի 25.000 փախստական:








All the contents on this site are copyrighted ©.