2015-11-27 09:15:00

35 Տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Ղպտիներու Պապը կ՛այցելէ Երուսաղէմ


Ուղղափառ ղպտիներու եկեղեցին հինգշաբթի, 27 նոյեմբերին, յայտարարեց, որ Աղեքսանդրիոյ Թէոդորոս Բ. պապը գլխաւորելով եկեղեցական պատուիրակութիւն մը 26 նոյեմբերին, հասաւ Երուսաղէմ: Այցելութիւնը 1980-ին Իսրայէլ-Եգիպտոս Քամփ Տէյվիտի համաձայնութենէն ետք Երուսաղէմ այցելութիւնները արգիլող ղպտի եկեղեցւոյ կողմէ որդեգրուած որոշումէն ետք իր տեսակին մէջ առաջինն է:

Ղպտի եկեղեցւոյ տարածած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ եկեղեցական պատուիրակութիւն մը պիտի այցելէ Երուսաղէմ` մասնակցելու համար Երուսաղէմի Ղպտիներու առաջնորդ անպա Իպրահամի շաբաթ օր նախատեսուած յուղարկաւորութեան:

Ղպտի եկեղեցին կը մերժէ Երուսաղէմ այցելութիւնները` զանոնք նկատելով «Երուսաղէմը բռնագրաւող Իսրայէլի հետ յարաբերութեանց բնականոնացում»: Եկեղեցին նշեց, որ այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ նկատի ունենալով, որ Երուսաղէմի առաջնորդը եպիսկոպոսական խորհուրդին մէջ պապէն ետք կը գրաւէ երկրորդ դիրքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.