2015-11-26 09:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հռոմէն Նայրոպի տանող ճանապարհորդութեան ընթացքին, սովորութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց իր հետ ճամբորդող 74 լրագրողները։ Նախ քան Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնը Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին  ու ներկաներուն հաղորդեց թէ Սրբազան Քահանայապետը, ինչպէս ամէն մէկ առաքելական ճամբորդութենէ առաջ, երեքշաբթի երեկոյեան այցելած էր Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ` Տիրամօր նուիրուած Պազիլիքան  անոր հովանիին յանձնելու առաքելական ճամբորդութիւնը։

Խօսք առաւ ապա Սրբազան Հայրը ու ողջունելով լրագրողները շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց իրենց ներկայութեան ու աշխատանքին համար սոյն ճամբորդութեան բերումով։

''Ես ուրախութեամբ կ՛երթամ այցելելու Քենիացիները, Ուկանտացիները եւ Կեդրոնական Ափրիկէի մեր եղբայրները - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու դարձեալ շշնորհակալութիւն յայտնեց լրագրողներուն մաղթելով որ ճամբորդութիւնը արտադրէ լաւագոյն պտուղներ ըլլան անոնք հոգեւոր կամ նիւթական։  Քահանայապետը ապա զաւեշտով ներկաները զգուշացուց ուշադիր ըլլալ մժեղներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.