2015-11-26 09:45:00

«Ռուսիա Թուրքիոյ հետ պատերազմի չի պատրաստուիր» ըսաւ Լաւրով


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտարարեց. «Թուրքիոյ դէմ պատերազմ շղթայազերծելու չենք պատրաստուիր, թուրք ժողովուրդին նկատմամբ մեր վերաբերմունքը չէ փոխուած: Միայն հարց ունինք թրքական ղեկավարութեան հետ»:

Ան ըսաւ, որ Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը Թուրքիա այցելելու կամ վերջինիս ներկայացուցիչները Մոսկուայի մէջ ընդունելու ծրագիրներ չունի: Լաւրով յայտնեց, որ Չաւուշօղլու յոյս յայտնած է, որ միջազգային միջոցառումի մը ընթացքին, մասնաւորաբար Պելկրատի մէջ 3-4 դեկտեմբերին նախատեսուած ԵԱՀԿ-ի Նախարարական խորհուրդին ընթացքին կրնան միասնաբար նստիլ` հանդարտօրէն քննարկելու համար ամէն բան, «սակայն ես պատասխան մը չտուի, նախ եւ առաջ պէտք չէ քննարկենք, այլ հասկնանք տեղի ունեցածին ամէն երեւոյթները»: «Մենք հանդիպումներէ փախուստ չենք տար, նախարար Չաւուշօղլուի հետ իմ այսօրուան զրոյցս ատիկա կը փաստէ», ըսաւ Լաւրով:

«Ներկայիս (Ռուսիոյ) կառավարութիւնը կը սերտէ (Թուրքիոյ հետ) ամբողջ յարաբերութիւնները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք չեն ուզեր թուրք արտադրողներու եւ արտածողներու կամ ռուսական ընկերութիւններու համար արհեստական խնդիրներ ստեղծել, «սակայն չենք կրնար տեղի ունեցածը անպատասխան ձգել»:

Լաւրով ըսաւ, որ իր թուրք պաշտօնակիցը ցաւ յայտնած է «Սու-24»-ի միջադէպին համար, սակայն միեւնոյն ժամանակ փորձած է արդարացնել թրքական օդուժին արարքը: «Մենք երէկ թրքական կողմէն, այդ ալ աւելի բարձր մակարդակով բացատրութիւններ կը սպասէինք: Աւելի լաւ է ուշ ըլլայ, քան երբեք», ըսաւ Լաւրով:

«Թուրքիան ի՞նչ պէտք է ընէ կացութիւնը բնականոնացնելու համար: Պէտք է եզրակացութիւններու յանգիլ, ի վերջոյ երէկուանին պէս յարձակումները բացարձակապէս անընդունելի են: Նախարար Չաւուշօղլուէն ցաւակցական խօսքեր լսեցի, սակայն մնացեալ բոլոր խօսքերը կը ձգտէին արդարացնել թրքական կեցուածքը»:

Չաւուշօղլու վստահեցուցած է, որ Անգարա կ՛ուզէ պահպանել Մոսկուայի հետ բարեկամական կապերը, սակայն մերժած է յայտնել, եթէ Թուրքիա պիտի փակէ Սուրիոյ մէջ զինեալներուն մատակարարման ճամբան:

Լաւրով նաեւ նշեց, որ «Սու-24»-ին դէմ յարձակումը կը թուի ծրագրուած գրգռութիւն մը ըլլալ` աւելցնելով, որ կարգ մը ռուս գործընկերներ զայն «բացայայտ թակարդ մը» կը նկատեն:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց. «Մեր պատերազմական օդանաւին վար առնուելուն հետ պիտի վարուինք ամենայն լրջութեամբ եւ մեր տրամադրութեան տակ գտնուող միջոցները պիտի օգտագործենք մեր անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար»:

Ան թրքական ղեկավարութիւնը ամբաստանեց Թուրքիոյ մէջ ծայրայեղականութիւնը տարածելու դիտաւորեալ քաղաքականութիւն կիրարկելու յանցանքով:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու յայտարարեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ Հումէմիմ զօրակայանին մէջ «Էս-400» հակաօդային համակարգեր պիտի տեղակայէ` աւելցնելով, որ Լաթաքիոյ ծովափին դիմաց գտնուող «Մոսքվա» յածանաւը պատրաստ է վնասազերծելու որեւէ թիրախ, որ վտանգ կը ներկայացնէ:

Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ իր կարգին զգուշացուց, որ թրքական ընկերութիւնները պիտի կորսնցնեն ռուսական շուկային մէջ իրենց բաժինը: Ան Անգարան ամբաստանեց ՏԱՀԵՇ-ը պաշտպանելու յանցանքով` աւելցնելով, որ կարգ մը թուրք պատասխանատուներ ահաբեկչական խմբաւորման հետ քարիւղի առեւտուրին մէջ նիւթական շահեր ունին:

Ըստ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի, ռուսական հակադարձութիւնը պիտի ներառէ Թուրքիոյ հետ ապահովական ու տնտեսական յարաբերութիւնները` աւելցնելով, որ Ռուսիա ՏԱՀԵՇ-ի վերահսկողութեան տակ գտնուող քարիւղ փոխադրող բեռնատարները հարուածելով վնաս պատճառած է Թուրքիոյ:

Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ յայտարարեց, որ Ռուսիան կ՛ակնկալէ, որ Թուրքիան ներում հայցէ «Սու-24»-ը վար առնելուն համար եւ փոխհատուցէ զոհուած սպայի ընտանիքին հասած վնասը: «Մենք Թուրքիայէն կ՛ակնկալենք, որ ան ընդունի կատարուած գործողութեան անօրինականութիւնը եւ փոխհատուցէ Ռուսիոյ ու զոհուած սպայի ընտանիքին հասած վնասը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Յանցագործութիւնը անպատիժ պիտի չմնայ եւ անխուսափելիօրէն պիտի ազդէ Թուրքիոյ հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն վրայ»:

Հաղորդենք, որ «Սու-24»-ի վար առնուելէն վերապրած ռուս օդաչուն երէկ հերքեց, թէ թրքական օդանաւերը կրակ բանալէ առաջ զգուշացուցած են զիրենք: Նշենք, որ ցուցարարներ երէկ քարկոծեցին Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը:








All the contents on this site are copyrighted ©.