2015-11-25 11:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հեռագիրը Իտալիոյ նախագահ Մաթթարելլային


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ  սովորութեան համաձայն, Միջազգային ճամբորդութիւն կատարելու ժամանակ հեռագիրներ կ՝ուղղէ օդային տարածքի վրայ սաւառնած երկիրներու նախագահներուն։  

Իտալիոյ նախագահ Տիար Սերճիօ Մաթթարելլային յղած հեռագիրն մէջ Սրբազան Հայրը յատնեց ''Մինչ՝ առաքեալական ճամբորդութեամբ կը մենիմ  Քենիա, Ուկանտա, եւ Կեդրոնական Ափիրկէ, հանդիպելու իղձով` հաւատքի մէջ եղբայներուն եւ այդ երկինրեու բնակիչներուն հետ, կը փափաքաիմ ողջունել ձեզ պարոն նախագահ  ապահովուելով իմ աղօթքս Իտալացի  բովանդակ ժողովուրդին բարիքի եւ բարրօրութեան համար։

Իսկ Իտալիոյ նախագահ Տիար Սերճօ Մաթթարելա իր կարգին Ֆրանչիսկսո Պապի յղած հեռագիրին մէջ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Քահանայապետին բացայայտելով թէ Իտալիան եւ միջազգային ընտանիքը ուշադրութեամբ կը հետեւին Ափրիկեան  ցամաքամասի ճամբորդութեան, որուն բարգաւաճման ու զարգացման կարողականութիւնը վտանգուած է պատերազմներու, քաղաքական անկայունութեան, աղքատութեան եւ ընկերային անհաւասարութեան պատճառավ։ Նախագահը ապա յայտնեց թէ  Ֆրանչիսկոս Պապի  ներկայութիւնը, քաջալերանքի եւ աջակցութեան առիթ պիտի հանդիսնայ տեղւոյն քրիստոնեայ հասարակութիւններուն համար ինչպէս նաեւ խաղաղութեան, եղբայրութեան եւ երկխօսութեա նշան այցելած  երկիրներուն  ու համայն Ափրիկեան ցամաքամասին համար, որոնց պիտի փոխծանցուի ապագայի յոյսի թանկարժէք պատգամ մը։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.