2015-11-25 17:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ժամանեց Քենիա ''բարի գալուստի'' արարողութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Քենիա, Ուկանտա եւ Կեդրոնական Ափրիկէ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչսիկոս Պապին  պաշտօնական առաջին այցելութեան վայր հանդիսացաւ Քենիայի նախագահական պալատը ուր Նորին Սրբութիւնը պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Քենիայի Հանրապետութեան նախագահին։

Սրբազան Հայրը նախագահական պալատ ժամանեց տեղական ժամով 18-ին (Հռոմի ժամով 16-ին) ուր պալատի մուտքին զինք դիմաւորեց Հանրապետութեան նախագահը Ուհուրու Քենիաթթան որ զինք ապա առաջնորդեց նախագահական պալատ ուր տեղի ունեցաւ առանձնական հանդիպում ընդմէջ Քահանայապետին եւ Քենիայի նախագահին  մինչ քովնտի սրահի մը մէջ տեղի կ՛ունենար այլ հանդիպում մը ընդմէջ Վատիկանեան Պատուիրակութեան եւ Քենիայի պատկան իշխանութիւններուն։

Առանձնական հանդիպման աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց նաեւ նախագահի ընտանեկան պարագաները ապա ուղղուեցաւ նախագահական պալատի պարտէզը ուր հանդիպում ունեցաւ Քենիայի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ ինչպէս  նաեւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ։

Հանդիպումը սկիզբ առաւ Քենիայի նախագահին արտասանած բարի գալուստի խօսքով որմէ ետք խօսք առաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ իր ճառին մէջ անդրադարձաւ երեք կարեւոր նիւթերու մասին.  Քենինա երիտասարդներու երկիր, բնապահպանութիւնը եւ ընկերային հարցն ու ահաբեկչութիւնը։

Ճառին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը իր խնդակցութիւնը յայտնեց ի տես իրեն վերապահուած ընդունելութեան Ափրիկէ կատարած առաջին ճամբորդութեան առթիւ ինչպէս նաեւ Նախագահին իրեն ուղղած սիրալիր խօսքերուն համար։ Ան ապա հաստատեց  թէ Քենիան երիտասարդ եւ կորովով լի երկիր մըն է, հարուստ բազմազանութեամբ եւ որ իմաստալից դեր մը ունի տարածաշրջանին մէջ եւ որ հանդիսացած է որպէս ''ժողովրդավարութեան'' նմուշ այլ ափրիկեան երկիրներուն համար, հիմնուած յարգանքի, երկխօսութեան եւ համագործակցութեան արժէքներու վրայ։

''Քենիան` է նաեւ երիտասարդներու երկիր'' հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը փափաք յայտնելով թէ այս օրերուն ինք կ՛ուզէ խօսիլ երիտասարդներուն հետ զանոնք քաջալերելու համար որպէսզի կենդանի պահէ անոնց յոյսերը եւ ապագայի ձգտումները։

''Երիտասարդները ամենէ թանկարժէք կենսամիջոցներն են որեւէ ազգի մը համար'' ըսաւ ապա Քահանայապետը հրաւէր ուղղելով պահապան ու նեցուկ կանգնիլ երիտասարդներուն  որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել տարեցներուն իմաստութեան եւ հոգեւորական արժէքներու ապագան։ Արժէքներ որոնք ազգի մը սիրտն ու հոգին են։

Ֆրանչսիկոս Սրբազան Քահանայապետը  անդրադարձաւ ապա երկրորդ կէտին որ է բնապահպանութիւնը դիտել տալով թէ Քենիան բացառիկ գեղեցկութեան եւ բնական հարստութիւններու երկիր է եւ թէ Քենիացիները ճանչցուած են իրենց ''պահպանողական'' մշակոյթով։

Սրբազան Հայրը ընդգծեց թէ ինչպէս կենսոլորտի տագնապը կը պահանջէ միշտ աւելի մեծ զգայնութիւն մարդու եւ բնութեան միջեւ գոյացած կապին մէջ ու հաստատեց թէ ''ապագայի սերունդներու նկատմամբ ունինք միասնական պատասխանատուութիւն'' անոնց փոխանցելու համար բնութեան գեղեցկութիւնը իր լիութեամբ եւ ունինք նաեւ պարտականութիւնը լաւապէս մատակարարելու բարիքները զոր ընկալեցինք։

Այս արժէքները, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, արմատացած են ափրիկեան հոգիին մէջ ու պէտք են ներշնչել կառավարիչներու ջանքերը` տնտեսական զարգացումի պատասխանատու նմուշներ մշակելու։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ մատնանշեց թէ յստակ կապակցութիւն կայ ընդմէջ բնութեան պահպանումին եւ արդար ու հաւասար ընկերային կարգի կառուցման եւ թէ կարելի չէ  բնութեան հետ մեր յարաբերութեան վերանորոգում իրականացուի առանց մարդկութեան նոյնինքն վերանորոգման։ Եւ ասոր համար բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկը կանչուած են յաղթահարելու ցեղային, կրօնական եւ տնտեսական  բաժանումները, հաշտութեան, խաղաղութեան­ ներումի եւ ապաքինումի ճանապարհով։

Փորձառութիւնը ցոյց կու տայ որ բռնութեան, հակամարտութեան եւ ահաբեկչութեան սնունդը` վախի, անվստահութեան եւ յուսախաբութեան մէջ կը կայանայ­, որոնք կը յառաջանան աղքատութեան եւ հիասթափութեան պատճառաւ։ ''Խաղաղութեան եւ բարգաւաճումի այս թշնամիներու դէմ պայքարը յառաջ պէտք է մղուի առանց վախի մարդոց եւ կիներու կողմէ որոնք կը հաւատան եւ հետեւողականութեամբ կը վկայեն հոգեւոր եւ քաղաքական վսեմ արժէքները, որոնք ներշնչեցին ազգին ծնունդը'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ու հրաւէր ուղղեց քաղաքական, մշակոյթի եւ տնտեսական ասպարէզներու պատասխանատուներուն ''թափանցկութեամբ եւ ամբողջականութեամբ'' աշխատելու ի սպաս հասարակաց բարիքին, ընկերութեան բոլոր խաւերուն մէջ զարգացնելով զօրակցութեան հոգին, յատկապէս հոգ տանելով աղքատներու կարիքներուն ինչպէս նաեւ համապատասխանելով երիտասարդներու ձգտումներուն, Արարչին երկրին շնորհած մարդկային եւ բնական կենսամիջոցներու արդար բաշխումով։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակեց վստահեցնելով կաթողիկէ եկեղեցւոյ նեցուկն ու յանձնառումը երկրին կառուցման ի սպաս, ապա մատնանշեց Քենիական մէկ աւանդութեան որով երիտասարդները ծարեր կը տնկեն ապագայի սերունդներուն համար` բարգաւաճումի որպէս նշան եւ մաղթանք յայտնեց որ այս պերճախօս յոյսի ժեստը աջակցի աւելի զօրակից, արդար եւ խաղաղ ընկերութեան մը կառուցման ջանքերուն` Քենիայի եւ համայն Ափրիկէի մէջ։

Մունկու Ապարիքի Քենիա  - Աստուած օրհնէ Քենիան։








All the contents on this site are copyrighted ©.