2015-11-25 09:41:00

11 կիներ եւ վեց մանուկներ բարի երթ մաղթեցին Ֆրանչիսկոս Պապին։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 25 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարէայի մէջ, 11 կիներ եւ վեց մանուկներ, որոնք կ՛ապրին ''Ապաստանարան Տունի'' մը մէջ եւ թիրախ եղած են տնային բռնութիւններու,  բարի երթ մաղթեցին Ֆրանչիսկոս Պապին, նախ քան Անոր դէպի Ափրիկէ մեկնիլը։

Լուրը կը հաղորդէ Քահանայապետական ողորմնաբաշխութեան գրասենեակը հաստատելով թէ վերոնշեալ անձերը հիւրընկալուած են Լացիօ Մարզի մէկ կրօնական միաբանութեան կողմէ մատակարարուած հաստատութեան մը մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.