2015-11-23 12:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ յղեց Ափրիկէի ցամաքամասի ժողովուրդներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ափրիկէի ցամաքամասին շնորհած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս՝ Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց Քենիայի, Ուկանտայի եւ Կեդրոնական Ափրիկէ ժողովուրդներուն։ Պատգամին մէջ ան ընդգծեց, թէ Ափրիկէ կը մեկնի՝ որպէս խաղաղութեան պատգամաւոր, խթանելու համար փոխադարձ հասկացողութիւնն ու յարգանքը՝ առանց դաւանանքի եւ ցեղային խտրականութեան։

Կեդրոնական Ափրիկէ ժողովուրդին յղած պատգամին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը նախ եւ առաջ յատնեց իր խնդակցութիւնն ու գորովը անոնց հանդէպ՝ առանց ցեղային եւ կրօնական խտրութեան։

Իմ այցելութեանս նպատակնէ է՝ նախ եւ առաջ՝ ձեզի փոխանցել, մխիթարութիւն ու յոյս՝ Յիսուսի անունով։ Բոլոր սրտովս կը յուսամ, որ իմ այցելութիւնս կարենայ նպաստել ամոքելու ձեր վիշտերը, եւ  ապագային բարենպաստ պայմաններ սեղեղծել Կեդրոնական Ափրիկէի ու անոր համայն բնակչութեան համար։

Որպէս խաղաղութեան պատգամոր՝ պիտի փափաքէի զօրկացիլ միջկրօնական երխօսութեան, քաջալերելու համար երկրին մէջ խաղաղ համակեցութիւն մը՝ որովհետեւ բոլորս եղաբայրներ ենք։

Ֆրանչիկսոս Պապ ապա ակնարկելով Կեդրոնական Ափրիկէի առաքելական ճամբորութեան կարգախօսին՝ ՝՝անցնիք միւս ափը՝՝, յարեց՝ թէ կարգախօսին նիւթը հրաւէր մըն է քրիստոնեայ հասարակութիւններուն՝ վճռակամօրէն դէպ առաջ նայելու, եւ կը քաջալերէ իրաքանչիւրը՝ վերանորոգելու իր յատուկ յարաբերութիւնը Աստուծոյ եւ եղբայրներուն հետ՝ արդար եւ եղբայրական հոգիով։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատեկրասփռուած պատգամի աւարտին յայտնեց՝ թէ Կեդրոնական Ափրիկէ ժողովուրդին համար ուրախ կը զգայ՝ Ողորմութեան Յոբելինական Սուրբ Տարւոյն բացումը կանխիկ կատարելու, եւ յոյս ունի որ իւրաքանչիւրին համար ան ըլլայ նախախնամական եւ ճշմարիտ ներողամտութեան առիթ, ինչպէս նաեւ առիթ՝ վերանորոգումի եւ սիրոյ ընկալման եւ բաշխումի։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.