2015-11-23 12:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Անթիկուա եւ Պարպուտայի ընդհանրուր Կառավարիչը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր` 23 նոյեմբեր 2015-ին առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Անթիկուա եւ Պարպուտայի ընդհանրուր Կառվարաիչ ` Տիար Ռոտնէյ ՈՒիլիամս, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, շեշտուեցան երկկողմանի լաւ յարաբերութիւնները, որոնք վերջին տարիներուն աւելիով ամրապնդուեցան Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպանի մը անուանումով։

Զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տուած սատարին` մարդու արժանապատուութեան պաշտպանութեան ծիրէն ներս ինչէս նաեւ դաստիարակչական եւ կարիքաւորներու խնամակալութեան ասպարէզներէն ներս, մաղթելով աւելի բեղուն եւ փոխադարձ համագործակցութիւն։

Ի վերջոյ շօշափուեցան շրջանայինն եւ համընդհանուր հարցեր  հայող յատկապէս գաղթականներու հոսքին եւ կլիմայական փոփոխութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.