2015-11-23 11:48:00

''Մայր Թերեզա՝ Անձնական Դիմանկար մը''


Այս օրերուն, երբ յարգանքն ու  գիտակցութիւնը սկսած են  ընկրկիլ   հաւատքի առջեւ,  Ռուզան Սալխանեան  թարգմանաբար՝  «Մայր  Թերեզա – անձնական դիմանկար մը», Լէո Մաասպուրկի  գրիչով, Մայր Թերեզայի մասին  յիսուն պատմուածքներու  ընտրանի մը կը ներկայացնէ հայ  ընթերցողին: Գերմաներէն գիրքը լոյս տեսած է Մայր Թերեզայի ծննդեան հարիւրամեակի առիթով:  Երեւանի պետական  համալսարանի   գերմաներէն լեզուի եւ գրականութեան  բաժնէն  վկայեալ   Ռուզան   Սալխանեան   հայերէնի  թարգմանած է գերմաներէնէն:

Մայր Թերեզա կը նկատուի  աշխարհի ամենահեղինակաւոր  կիներէն: Անոր  կեանքն ու գործունէութիւնը  մեծ  հետք ձգած են   մարդկութեան պատմութեան վրայ: «Արմատներով եւ արիւնով ալպանացի եմ:  Քաղաքացիութեամբ՝ հնդիկ:  Կաթողիկէ  միանձնուհի եմ:  Կոչումով՝ համայն աշխարհին կը պատկանիմ: Սրտով կը  պատկանիմ Յիսուսի սրտին»:Ահաւասիկ , քանի մը տողերու մէջ  Մայր Թերեզայի  հաւատոյ   հանգանակը՝իր իսկ արտայայտութեամբ:

       Լէո Մաասպուրկի  գիրքը  այլազան փուլերու դրուագներ կը   նկարագրէ Մայր Թերեզայի  կեանքէն՝ նկատի ունենալով, որ   հեղինակը  երկար  տարիներ  Մայր  Թերեզային  ընկերակցած էր  տարբեր  երկիրներ այցելութիւններուն:   Պատմուածքներուն  ընդմէջէն  ընթերցողը կը  ծանօթանայ սրբուհիին ներաշխարհին, անոր  մարդասիրական ծառայութիւններուն: Որքա՜ն  երանելի պիտի  ըլլար, եթէ մարդ արարածը բանիւ եւ գործով  հետեւէր  Մեծ  բարեսէրի խօսքերուն:

Գիրքին մէջ յատկանշական տեղ կը գրաւեն «Սովետական Սուրբ ծննդեան տօն»  եւ «Հայաստանեան արկածախնդրութիւններ»  բաժինները: Այստեղ Լէո Մաասպուրկ կը նկարագրէ   Մոսկուայէն  Երեւան  ճանապարհորդութեան   ընդմէջէն սովետական  դիւանակալական բարքերը, Հայաստան կեցութեան ընթացքին Մայր Թերեզայի  դիմակալած  ծանր պայմանները:  Այսուհանդերձ  Մայր Թերեզա կը մնայ  լաւատես, յանձնառու իր առաքելութեան: Խօսքը տանք հեղինակին.  «Հակառակ որ նիւթական մեծ դժուարութիւններ ունեցանք,հոգեպէս շատ դժուար օրեր անցուցինք,սակայն երբ կը մեկնէի Հայաստանէն,ինծի թուեցաւ, թէ զիս դրախտէն դուրս կը վտարէին»:

         Լէո  Մաասպուրկ իր պատմուածքներուն մէջ կ’անդրադառնայ 1988-ի Մեծ երկրաշարժէն ետք  Մայր Թերեզայի Հայաստան կատարած այցելութեան, հանդիպումներուն, բարեգործութիւններուն:

    Այսօր աշխարհի աւելի քան  120  երկրիներու մէջ կը  գործեն Մայր Թերեզայի  584 կեդրոններ,  ուր  անօթեւան մարդիկ  կը գտնեն պատսպարան:

«Մայր  Թերեզա- Անձնական  դիմանկար մը»  գիրքին  թարգմանիչ  Ռուզան  Սալխանեան  հայ  ընթերցողին առջեւ  կը  դնէ   ժամանակակից   սուրբի մը  կեանքին տարբեր  երեսները: Կեանք,որմէ   միայն  դասեր կարելի է քաղել,սիրել բարին,  անտեսել չարը,ապրիլ բարիքի համար, կարեկցիլ  տկարին …:

Գիրքին  յառաջաբանը գրած է  հայր Գէորգ  ծվ.  Եղիայեան:«Խոկալով  կարդա’  այս էջերը եւ որոշէ  կեանքիդ  ճամբան…» խորագրով  իր  յառաջաբանին մէջ  հայր .  Եղիայեան դիտել  կու տայ, թէ   Մայր  Թերեզայի կենսագրականը  հայերէն  թարգմանութեամբ յանձնել հայ  հասարակութեան՝ կը նշանակէ յանձնել անոր գանձարան մը…«Այս պատճառով, սիրելի՛ ընթերցող, թախանձախնդիր  կը հրաւիրեմ  քեզ, որ կարդաս այս  հատորը, որպէս զի  ձեռքերովդ  շօշափես սիրոյ հրաշալիքները եւ նկատես, թէ Աստուած  որքա՛ն  հզօր է իր ծառաներուն կեանքին մէջ, երբ այդ ծառաները ընկալեն անոր խօսքը եւ հետեւին անոր խօսքին,ինչպէս  հետեւեցան առաքեալներն ու սուրբերը, որոնք իրենց կենցաղով  եւ  գործերով դարձան  մարդկութեան  իսկական կոթողները, տիտաններն ու օրինակները: Այդ տիտաններէն  մին էր աշխարհահռչակ Մայր Թերեզա:…Ուստի  կարդա’ այս էջերը, խոկա’ անոնց բովնդակութեան վրայ եւ որոշէ’ կեանքիդ  ճամբան». յառաջաբանը կ’աւարտէ  հայր Եղիայեան:

Գերմանացի  հեղինակ Լէո Մաասպուրկ իր նախաբանին մէջ յոյս կը յայտնէ, որ ճշգրիտ ձեւով ներկայացնէ Մայր Թերեզայի անձը՝ մաղթելով,  որ  գիրքը մարդոց առաջնորդէ դէպի  Յիսուս այնպէս, ինչպէս որ  պիտի  փափաքէր Մայր Թերեզա:

Հայերէն հրատարակութեան  առիթով Ռուզան  Սալխանեան  յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ ազնիւ մեկենաս մագիստրոս Գրիգոր, Քրիսթին եւ Քերոփ Ճապուրեաններուն:«Լուսաւորչի կանթեղ»  հրատարակութեան՝ մատչելի  եւ դիւրասահ   հայերէնով,  ընթերցասէրներու լայն հասարակութեան  համար հրամցուած այս  գիրքը ուղեցոյց մըն է  իւրաքանչիւր հայ   ընտանիքի  համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.