2015-11-23 10:52:00

Հայաստան ահաբեկչութեան առումով ամէնէն անվտանգ երկիրներու ցանկին մէջ է։


Լոնտոնի տնտեսագիտութեան եւ խաղաղութեան հիմնարկի հրապարակած (The Institute for Economics and Peace) «2015 թուականի ահաբեկչութեան համաշխարհային վարկանիշ» զեկոյցին համաձայն, Հայաստան ահաբեկչութեան թէական սպառնալիքի առումով ամէնէն անվտանգ երկիրներու շարքին է, կը հաղորդէ News.am-ը:

162 պետութիւններէ կազմուած վարկանիշին մէջ, ուր առաջին տեղը ահաբեկչութեան տեսանկիւնէ ամենավտանգաւոր երկիրն է, իսկ վերջին տեղը` ամէնէն անվտանգը, Հայաստանը կը գրաւէ է 116-րդ հորիզոնականը:

Զեկոյցին համաձայն, Հայաստանի համար սպառնալիքի հաւանական աղբիւրներէն է 2014 թուականին 70 հայերու մասնակցութիւնը քրտական ջոկատներու հետ իսլամականներու դէմ պայքարին:

Հայաստանի հարեւանները` Ատրպէյճանն ու Վրաստանը, կը գրաւեն, համապատասխանաբար, 93-րդ եւ 71-րդ տեղերը: Ռուսիան՝ 23-րդ տեղը:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ ահաբեկչական ամենաբարձր աշխոյժութիւնը կենտրոնացած է 5 պետութիւններու մէջ` Իրաքի, Նիժերիոյ, Աֆղանիստանի, Փաքիստանի եւ Սուրիոյ մէջ: Երկիրներու առաջին տասնեակին մէջ են նաեւ Հնդկաստանը, Եմենը, Սոմալին, Լիպիան եւ Թայլանտը:

Ընդհանուր առմամբ, 2014 թուականին եղած է աշխարհի 67 երկիր, ուր ահաբեկչութեան հետեւանքով առնուազն 1 մարդ զոհուած է: Ատիկա 8-ով աւելի է նախորդող տարուընէ, ներառեալ` այնպիսի զարգացած պետութիւններ, ինչպիսիք են Աւստրիան, Աւստրալիան, Պելճիքան, Գանատան եւ Ֆրանսան:








All the contents on this site are copyrighted ©.