2015-11-23 14:48:00

Գրիգոր Պետրոս Ի այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։


Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը՝  23 Նոյեմբեր 2015, Երկուշաբթի  առտուան ժամը 10-ին այցելեց Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիաս։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ուղեկցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին վաստակաւոր եպիսկոպոս գերապայծառ Մանուէլ Պաթագեան,  նորօծ եպիսկոպոսներ՝ գերապայծառ Սարգիս Դաւիթեան՝ Իրանի հայ կաթողիկէ թեմին  եպիսկոպոսը, գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեան՝ Պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոսը ,  Արհիապատիւ Տէր Գրիգոր Եպիսկոպոս Գուսան եւ գերապատիւ հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեան, պետական երեսփոխան մեթր Սերժ Թուրսարգիսեան, նախկին նախարար եւ երեսփոխան մեթր Ժագ Չուխատարեան եւ պարոն Առաքել Մինասեան։
Մայրավանք ժամանումին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը դիմաւորուեցաւ Արամ Ա.  Վեհափառ Հայրապետին կողմէ, զոր կը շրջապատէին  Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ գերաշնորհ տէր Շահէ եպիսկոպոս Փանոսեան, գերաշնորհ տէր Գեղամ եպիսկոպոս Խաչերեան, գերաշնորհ Նորայր եպիսկոպոս Աշըքեան եւ միաբան հայրեր։
Վեհափառ Տէրը եւ Հոգեւոր Տէրը «Հրաշափառ»ով մուտք գործեցին եկեղեցի, ուր գոհաբանական աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած։  Եկեղեցական աղօթքէն ետք, երկու Հայրապետները Մայրավանքի վեհարանին մէջ  ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը  նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. Վեհափառին իր գահակալութեան արարողութեան մասնակցութեան համար՝ 9 Օգոստոսին, Զմմառու Վանքին մէջ։ Այնուհետեւ շուրջ ժամ մը տեւած խօսակցութիւնը շօշափեց Լիբանանը, Լիբանանահայութիւն եւ լիբանանցի ժողովուրդը յուզող քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական խնդիրները, Միջին Արեւելքի վտանգալից կացութիւնը եւ շրջանի ընդհանրապէս քրիստոնեաներուն եւ մասնաւորաբար հայկական հասարակութիւններու, Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան ճակատագրին վերաբերեալ խնդիրները։  Երկու Հայրապետները  շեշտեցին սերտ գործակցութեան հրամայականը՝ միասնական ճիգերով  դիմագրաւելու համար մեր հասարակութիւններուն սպառնացող վտանգները։ Այս նպատակով յաճախակի խորհրդակցական հանդիպումներու ու համագործակցելու խոստումներով աւարտեցաւ շուրջ ժամ մը եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.