2015-11-20 12:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Կղերի Ժողովի կազմակերպած ուսումնաժողովի մասնակիցներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 20 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Գերմանացի  եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի անդամները ապա Ուկրանիոյ հանրապետութեան նախագահ Տիար Փեթրօ Եորոշենքոն, անոր կողակիցն ու իրենց ընկերացող շքախումբը, հուսկ ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովի քահանայական կոչումներու եւ քահանաներու ինքնութեան եւ առաքելութեան հայող երկու վաւերագրեր՝ Optatam Totius e Presbyterorum Ordinis յիսնամեակի առթիւ, Կղերի Ժողովի կազմակերպած ''Կոչում, կազմաւորում, առաքելութիւն'' ուսումնաժողովի մասնակիցներուն։

Այս առթիւ ներկաներուն արտասանած իր խօսքին մէջ Ֆրանչիակոա Պապը մատնանշելով վատիկանեան վաւերագրերու յոբելեանին հաստատեց թէ անոնք յիսուն տարիներու ընթացքին աճեցան ու դարձան գեղեցիկ բոյս մը որ Եկեղեցին կը գեղեցկացնեն։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց իր նախորդին Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին 2013-ին հրապարակած ինքնագիր նամակին որով նոր սլացք ու իրաւական կազմ տուաւ կղերականներու կազմաւորումին ու հաստատեց թէ քահանայի մը կոչումը շնորհքն մըն է որ Աստուած կը պարգեւէ մի քանիներուն­, բոլորին բարիքին համար, ու այս առընչութեամբ երեկ կէտերով խորհրդածութիւն մը ներկայացուց մեկնելով քահանաներու միջեւ եւ ուրիշներու հետ յարաբերութենէն ու հիմնուելով  սուրբ Պօղոսի եբրայեցիներուն ուղղած նամակին վրայ ուր առաքեալը կը խօսի քահանաներու կոչումի մասին` որպէս մարդիկ ընտրուած մարդոց միջեւ, որոնք կը ծառայեն մարդոց ու կ՛ապրին մարդոց հետ։

Նորին Սրբութիւնը իր ճառը կեդրոնացուց այս երեք յատկութիւններու վրայ. Քահանան որպէս մարդ որ կը ծնի մարդկային միջավայրի մէջ, կ՛ապրի ու կը փորձարկէ մարդկային կեանքը ընտանիքին մէջ որ կը դառնայ ''կոչումի հովուական կեդրոն'' եւ կազմաւորումի օրրան։ Լաւ քահանայ մը ամէնէն առաջ մարդկայնութեամբ լի մարդ մըն է որ կը ճանչնայ իր պատմութիւնը անոր հարստութեամբ ու վէրքերով, որ յանգած է` Տիրոջ աշակերտի խորին անդորրութեան։

Առ այդ մարդկային կազմաւորումը քահանաներուն համար հարկաւորութիւն մըն է, ըսաւ Սրբազան Հայրը, հաստատելով թէ Քահանայ մը որ խաղաղութիւնը գտած է գիտէ իր շուրջ տարածել անդորրութիւն ու փոխանցել Տիրոջ հետ կապի գեղեցկութիւնը նոյնիսկ անձկութեան պահուն։ Ընդհակառակը քահանայ մը որ տխուր է, խիստ եւ ջղային չի կրնար բարիք ընել ոչ իրեն եւ ոչ իր ժողովուրդին։ Մենք քահանաներս ուրախութեան առաքեալներ ենք, Աւետարանը կը հռչակենք` բարի Աւետիսը, թէեւ մենք չենք որ Աւետարանին ուժ կը պարգեւենք` մեր մարդկութիւնը կաւէ զամբիւղ մըն է որուն մէջ կը պահպանուի Աստուծոյ գանձը, զամբիւղ մը որ պէտք ենք խնամել որպէսզի կարենանք անոր արժէքաւոր բովանդակութիւնը փոխանցել ուրիշներուն։

Քահանայ մը պէտք չէ երբեք մոռնայ իր արմատները։ Մենք քահանաներս կանչուած ենք Աստուծմէ որ մեզ կ՛ընտրէ մարդոցմէ որպէսզի ծառայենք մարդոց  ըսաւ Ֆրանչսիկոս Պապ ու մատնանշեց երկրորդ կէտին որ է ծառայել եղբայրներուն եւ քոյրերուն Յիսուս նման որ դարձաւ ծառայ ու լուաց իր առաքեալներուն ոտքերը ու մօտիկ կանգնեցաւ տկարին։ Ան Բարի Հովիւն է որ միշտ կը հոգայ իր հօտին. Մենք եւս Անոր պէտք ենք նմանիլ մարդոց ծառայելով ու անոնց հասցնելով Աստուածային ողորմութիւնը ու հռչակելով Անոր Կեանքի Խօսքը, յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը եւ ակնարկեց երրորդ կէտին ապրիլ ժողովուրդին մէջ. Քահանան ըսաւ Սրբազան Հայրը հովուական խնամակալութեան կամ աւետարանումի մասնագէտ մը չէ որ կը կատարէ միայն իրեն պարտականութիւնը որպէս արհեստաւոր եւ ապա կ՛ապրի այլ կեանք մը։ Քահանայութիւնը կ՛ընտրուի ապրելու համար մարդոց մէջ, ծառայելով անոնց, աղօթելով անոնց հետ ու անոնց համար ըսաւ Սրբազան Հայրը ու խօսքը եզրափակեց մաղթանք յայտնելով որ ուսումնաժողովի աշխատանքներու պտուղները դառնան գործիք իրականացնելու Վատիկանեան Տիեզերական ժողովի ուսուցումները եւ սատարելու` ներկայի եւ ապագայի  քահանաներու կազմաւորումին, որպէսզի բոլորը ըլլան բարի քահանաներ Տիրոջ սրտի կամքի համաձայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.