2015-11-20 09:37:00

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա Աթոռանիստ Եկեղեցի. «Ռոպեր Եւ Ժինեթ Պօղոսեան» սրահի բացում։


Կազմակերպութեամբ «Պօղոսեան» հիմնարկին, երէկ` հինգշաբթի, 19 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պէյրութի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Ռոպեր եւ Ժինեթ Պօղոսեան» սրահին բացումը, ինչպէս նաեւ «Պօղոսեան» հիմնարկի արուեստի զանազան ծիրերու մրցանքին մրցանակաբաշխումը:

Ձեռնարկը սկիզբ առաւ սրահին օրհնութեամբ` Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին կողմէ:

Արարողութենէն ետք խօսք առաւ Ալպեր Պօղոսեան` ներկայացնելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա եկեղեցւոյ ինչպէս նաեւ սրահին վերանորոգման կարեւորութիւնը` իբրեւ «յոյսի եւ խաղաղութեան խորհրդանիշ»: «Այս եկեղեցին այն հազուագիւտ կառոյցներէն է, որոնք փուլ չեկան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին», հաստատեց Ալպեր Պօղոսեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կղերականներուն, որոնք ծառայեցին այս եկեղեցիին եւ պահպանեցին զայն: Ալպեր Պօղոսեան աւելցուց, որ այս սրահը կառուցուեցաւ իր հօր եւ մօր անունով` պատուելու համար անոնց նուիրումը, աշխատանքի յանձնառութիւնը, լաւատեսութիւնը կեանքին եւ մարդուն նկատմամբ: Վերջապէս ան շնորհակալութիւն յայտնեց ճարտարապետ Շարլ Սաուայային եւ Շատի Պու Ժաուտէին, ինչպէս նաեւ իր քրոջ, որ հսկեց վերանորոգման աշխատանքներուն:

Ալպեր Պօղոսեանի խօսքին աւարտին ջութակահար Լիւսի Ջանսարեան նուագեց երեք հանրածանօթ կտորներ` «Սարերի հովին մեռնեմ», «Շալախօ» եւ Արամ Խաչատուրեանի «Լեզկինկա»-ն:

Ապա վերստին խօսք առաւ Ալպեր Պօղոսեան` յայտարարելու համար «Պօղոսեան» հիմնարկի 2015-ի  նկարչութեան, լուսանկարչութեան եւ ձեւաւորումի մրցանքներուն մրցանակակիրները: Ան նախ բացատրեց, որ այս մրցանակը ամէն տարի կը նուիրուի 3 լիբանանցի երիտասարդ արուեստագէտներու: Դատակազմը կը բաղկանայ արուեստի մարզին մէջ երեւելի անձնաւորութիւններէ, զայն կը գլխաւորէ Ալպեր Պօղոսեան: Մրցանակը կ՛ընդգրկէ 10.000 ամերիկեան տոլար եւ  «Վիլլա Ամփեն»-ի` արուեստագէտներու նստավայրին մէջ կեցութիւն, Պելճիքա:

Այս տարուան մրցանակակիրներն են. նկարչութեան մարզին մէջ` Հալա Իզզետտին, որուն մութ դիմանկարները գրաւած են դատակազմին ուշադրութիւնը եւ որոնք կ՛արտայայտեն արուեստագէտին հայեցակէտը արտաքին աշխարհին նկատմամբ:

Լուսանկարչութեան մարզին մէջ` Էլսի Հատտատ, որուն նկարները չափազանց յուզած էին դատակազմը: Հատտատի գործերուն մէջ միշտ ներկայ են երազանքը եւ բանաստեղծութիւնը :

Ձեւաւորումի մարզին մէջ` Ռամի Տալլէ, որ կը սիրէ «վերակենդանացնել յիշատակներու, հետաքրքրութիւններու եւ զգացումներու աշխարհը» արժանացաւ դատակազմին հիացման:

Ալպեր Պօղոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս տարուան դատակազմին, ինչպէս նաեւ Մերի Սալամէին, որ կազմակերպած էր այս մրցանքները:

Ձեռնարկի աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, որ ողջունեց Պօղոսեան ընտանիքին առաքինութիւնը, բաժնեկցելու եւ նեցուկ կանգնելու արժանիքները, ան նաեւ մաղթեց, որ ընտանիքին անդամները հաւատարիմ մնան այս արժէքներուն, զորս ժառանգած են իրենց ծնողներէն:

Ձեռնարկին աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան մը` «Ռոպեր եւ Ժինեթ Պօղոսեան» սրահին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.