2015-11-20 09:24:00

''Մանուկներու իրաւունքի համաշխարհային Օր''.


(Ռատիօ Վատիկան)  Նոյեմբեր 20ը Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան կողմէն հռչակուած է ''Մանուկներու համաշխարհային Օր'' Օրը կը նշուի ՄԱԿ-ի կողմէ մանուկներու եւ չափահասներու իրաւունքի վաւերացման տարեդարձին օրը` 20 նոյեմբեր 1989-ին։ Օրը կը յատկանշուի աղօթքով եւ մանուկներու ի նպաստ կատարուած գործունէութեամբ։Այս օրուան նշումը սկիզբ առած է 2008-ին։

Այս առթիւ Մակի մանկական Ֆոնտը` ՈՒՆԻՉԷՖ-ը պիտի հրատարակէ ''Իւրաքանչիւր մանուկի արդար հնարաւորութիւն։ Աշխարհ մը ի սպաս մանուկներուն եւ չափահասներուն յետ 2015-ին'' բանբանով տեղեկագիրը։

Անցեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց ''պաշտպանելու մանուկները''  ու մաղթանք յայտնեց որ միջազգային հասարակութիւնը կարենայ ուշադրութեամբ հսկել մանուկներու կեանքի պայմաններուն վրայ, ինչպէս նաեւ  նեցուկ կանգնի ընտանիքներուն` որպէսզի ամէն մէկ մանուկին ապահովուի դպրոց յաճախելու եւ դաստիարակութեան իրաւունքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.