2015-11-20 11:19:00

Կարդինալ Փարոլինի հեռագիրը բնապահպանութեան տեղեկատուութեան գիտաժողովի մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական ընտանիքի խորհուրդի եւ Greenaccord անուան մշակութային ընկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած, Իտալիոյ Ռիեթի քաղաքին մէջ կայացած, Միջազգային բնապահպանութեան տեղեկատուութեան գիտաժողովին առթիւ, Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապի, հինշաբթի, 19 նոյեմբերին, հեռագիր յղեց գիտաժողովի մասնակիցներուն, որուն  մէջ փոխանցեց  Նորին Սրբութեան ողջոյներնն ու  բարձր գնահատանքը ձեռնարկին կազմակերպման համար, որ օգտակար կը դառնայ՝ մտածելու ստեղծագործութեան պահապաններու պատասխանուտութեան շուրջ, ինչպէս նաեւ  Աստուծոյ ծրագրին  որ գրառուած է բնութեան մէջ։

Կարդինալ Փարոլին ապա՝  հեռագիրին մէջ ուղղած է Ֆրանչիկսոս Պապի կոչը գիտնականներու եւ լրագրողներու, որ անոնք  նպաստեն՝ քաղաքական հաստատութիւններու եւ քաղաքացիներու  ուշադրութեան հրաւիրելու, տարածելու համար   կայուն ապրելակերպ մը՝ ըլլայ մարդկային  ըլլայ բնապահպանութեան գետնի վրայ ։Կարդինալ Փարոլին հեռագիրը աւարտած է Ֆրանչիկսոս Պապի  Առաքելական օրհնութեամբ








All the contents on this site are copyrighted ©.