2015-11-20 12:34:00

Եկեղեցւոյ ոյժը՝ Յիսուսի խօսքը պէտք է ըլլայ


(Ռատիօ Վատիկան) “Եկեղեցին պէտք չէ կառչի դրամի եւ ոյժի, ոչ ալ ’սրբազան կաշառքի’, այլ անոր ոյժը պէտք է ըլլայ Յիսուսի խօսքը։” Ուրբաթ, 20 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը այս յորդորը տուաւ իր քարոզին մէջ, զոր ուղղեց Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Ս. Պատարագի ներկաներուն։

Օրուան Մակաբայեցիներու Առաջին Գրքի ընթերցուածը (Ա. Մակ Դ. 36-59) մեկնելով, Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց Սուրբ Գրքի յիշեալ դրուագի մէջ պատմուած հալածուածներու յաղթանակը։ Աստուծոյ ժողովուրդը այնտեղ կը տօնախմբէ, կ’ուրախանայ, որովհետեւ կը վերագտնէ իւրայատուկ ինքնութիւնը Երուսաղէմի Տաճարի կրկին օծման առիթով։ “Աշխարհայնութիւնը չի կրնար տօնել եւ ուրախանալ, որովհետեւ աշխարհային հոգին՝ առաւելագոյնս մեզ քիչ մը կը զուարճացնէ, քիչ մը աղմուկ կը բարձրացնէ՝ մինչ ուրախութիւնը Ուխտի հաւատարմութիւնն է” ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Նոր Կտակարանի օրուան ընթերցումը մեզի կը ներկայացնէ Ղուկասի Աւետարանի այն դրուագը, ուր Յիսուս վաճառականները տաճարէն դուրս կը վռնտէ ըսելով՝ “Գրուած է, թէ իմ տունս՝ աղօթքի տուն պիտի կոչուի. մինչ դուք, զայն վերածած էք աւազակներու որջի։” (Ղուկ ԺԹ. 45-48) Այստեղ կը տեսնուի, թէ ինչպէս Յիսուսի ժամանակ ալ աշխարհային հոգին մտած էր տաճարին մէջ։

Տաճարի եւ քահանաներու գլխաւորները եւ դպիրները քայքայման ընթացքի մէջ էին։ Սկզբունքներու փոփոխութիւններ կատարուած էին, կեղտոտելով տաճարը։ Տաճարը՝ Եկեղեցւոյ պատկերն է։ Եկեղեցին միշտ եւ միշտ պիտի գերազանցէ աշխարհային եւ ոյժի փորձութիւնները, որ Յիսուս Քրիստոսի ոյժը չէ։ Յիսուսի խօսքերը խիստ են՝ “զայն վերածած էք աւազակներու որջի։” Եթէ Եկեղեցին վատթարացման ու քայքայման այդ ընթացքը բռնէ, անոր վերջը շատ վատ պիտի ըլլայ։

Դրամի եւ ոյժի կառչիլը կը վերածուի կարծրացումի, եւ կաշառակերութեան վտանգ է։

Եկեղեցւոյ մէջ միշտ այս վտանգը կայ։ Մինչ Եկեղեցին պէտք է հաւատարիմ մնայ Յիսուսի՝ խաղաղութեան, ուրախութեան եւ փրկութեան Տիրոջ։ Ուր Յիսուս է՝ այնտեղ աշխարհայնացման եւ կաշառակերութեան տեղ չկայ։ “Այս պէտք է ըլլայ մեզմէ իւրաքանչիւրին առօրեայ պայքարը, Եկեղեցւոյ պայքարը” ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։ Միշտ լսել Յիսուսի խօսքը, կառչիլ Յիսուսի խօսքին, երբեք ապահովութիւն չփնտռել այն բաներուն մէջ, որոնք այլ տիրոջ մը կը պատկանին։ Յիսուս յստակօրէն ըսաւ՝ “ոչ ոք կրնայ երկու տէրերու ծառայել. կամ Աստուծոյ եւ կամ հարստութեան, կամ Աստուծոյ եւ կամ ոյժի։”

Լաւ բան է Եկեղեցւոյ համար աղօթելը՝ եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապ։ Պէտք է մտածել նաեւ մարտիրոսներու մասին, որոնք աշխարհայնացման փորձութեան տեղի չտուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.