2015-11-20 13:07:00

Ասատ յայտարարած է, որ նաեւ Թուրքիոյ աջակցութեամբ ԻՊ-ը կոտորածներ կը կազմակերպէ


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իտալական «Rai Uno» հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է «Իսլամական պետութիւն» (ԻՊ-ՏԱՀԵՇ) ահաբեկչական կազմակերպութեան ստեղծման, կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը:

Նշելով, որ ԻՊ-ը առաջացած է արեւմուտքի պատճառով` Ասատ ըսած է. «Ձեզի կրնամ հաւաստիացնել, որ Սուրիոյ մէջ ԻՊ-ի ստեղծուելու համար չկային բնական ու ընկերային պայմաններ»:

Փարիզի ահաբեկչական յարձակումներուն վերաբերեալ Սուրիոյ նախագահը նշած է, որ հնարաւոր է` այդ ահաբեկիչները ռազմական պատրաստութիւն անցած ըլլան Սուրիոյ մէջ, բայց ԻՊ-ը հիմնուած է է Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ: Ասատ յիշեցուցած է Անգլիոյ նախկին վարչապետ Թոնի Պլէյերի «Իրաքեան պատերազմը օգնեց ԻՊ-ի առաջացման» խօսքերը` նշելով, որ ատոնք արեւմուտքի աջակցութեան ամենալաւ ապացոյցն են:

«Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի աջակցութեան ինչպէս նաեւ արեւմուտքի վարած քաղաքականութեան հետեւանքով է, որ Սուրիոյ մէջ պատրաստութիւն անցած ջիհատականները կը կարենան Փարիզի ու այլ վայրերու մէջ կոտորածներ կազմակերպել»,- աւելցուցած է Ասատ:

Ասատ խօսած է նաեւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններու մասին` ըսելով, որ ատոնց յստակ ժամկէտները պիտի որոշուի երկրին մէջ ահաբեկչութեան նկատմամբ յաղթանակ տանելէ ետք միայն:








All the contents on this site are copyrighted ©.