2015-11-19 13:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Քահանայապետական առողջապահութեան գիտաժողովի մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 19 նոյեմբերի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Վատիկանի մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց, Քահանայապետական առողջապահութեան խորդդուրդին կազմակերպած՝ 30-րդ միջազգային գիտաժողովին մասնակիցներուն։

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց գիտաժողովը կազմակերպողներուն ու անոր մասնակիցներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով առողջապահութեան Քահանայապետական խորհուրդը յատկանշող գործունէութիւններուն ըսաւ՝

''Կեանքի արժանիքի հանդէպ յարգանքն ու անոր նկատմամբ սէրը,  իր անփոխարինելի իրականցումը կը գտնէ՝ մերձաւորին  մօտենալու մէջ,  մարմնով եւ հոգւով տառապողներու խնամք տանելու մէջ,  բոլոր այն գործունէութիւնները որոնք կը  բնորոշեն առողջապահութեան հովուական խնամակալութիւնը''։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ  Քահանայապետի ''Evangelium vitae'' շրջաբերական թուղթին յարելով՝ թէ հոն կը գտնուին  հիմնական տարրերը Առողջապահութեան մշակոյթին՝ հիւրընկալութիւն, կարեկցութիւն, հասկացողութիւն եւ ներողամտութիւն, որոնք  Յիսուսի սովորական վերաբերմունքներն են, որ ունեցած է անթիւ կարիքաւոր մարդոց հանդէպ՝ հիւանդներ, մեղաւորներ, աղքատներ եւ օտարականներ։

Ապա Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց, թէ  Յիսուսի վերոնշեալ  վերաբերմունքը՝ այսօր առ աւելիով պէտք է բնորոշեն առողջապահութեան հովուական խնամակալութիւնը ՝ ցուցաբերելով սէր՝ սկսեալ միեւնոյն ժողովուրդի պատկանող եղբայրէն, օտարականէն մինչեւ թշնամիին հանդէպ։

Ֆրանչիկսոս Պապ վերյիշեց նաեւ  ''Գովեալ Ըլլաս'' իր շրջաբերական թուղթը, ըսելով թէ   ''մօտիկութեան ցուցաբերումը կ՝ընդգրկէ նաեւ ստանձնել  պատասխանատուութիւն  արարչագործութեան եւ հասարակաց տան հանդէպ, որ  կը պատկանի  եւ յանձնուած է բոլորիս  խնամքին,  նոյնիսկ ապագայի սերունդներուն՝՝

Եկեղեցւոյ  անձկութիւնն է բոլորը դաստիարակել՝ պահպանել եւ մատակարարել ստեղծագործութիւնը իր ամբողջականութեան մէջ, այն պարգեւը զոր  յանձնուած  է իւրաքանչիւր սերունդի պատասխանատուութեան, որպէսզի զայն իր ամբողջականութեան մէջ  փոխանցեն յառաջիկայ սերունդներուն։

Ստեղծագործութեան աւետարանի հանդէպ սրտի դարձը պատճառ կը դառնայ նաեւ իւրացնելու եւ անդրադառնալու մարդու արժանապատուութեան աղերսին, որ յատկապէս կաղաղակեն մեկուսացեալներն ու աղքատները։

Ողորմութեան Սուրբ տարուայ սեմին, թող այս աղքատներուն եւ մեկուսացեալներուն աղերսը անկեղծ արձագանք գտնէ մեր սրտերուն մէջ,  ինչպէս նաեւ գթառատ մեր գործունէութիւններուն մէջ։

Պատգամի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթանք յայտնեց , որ քահանայապետական առողջապահութեան գիտաժողովը  կարենայ նորագոյն զարգացումով նպաստել  առողջապահութեան մշակոյթին.  Քաջալերելով որ միշտ նկատի առնուին բնական աղէտներէն տառապող ժողովուրդները։








All the contents on this site are copyrighted ©.