2015-11-19 09:51:00

ֆրանչիսկոս Պապի հանդիսաւոր պատարագը Կուատալուփի Տիրամօր տօնին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 21 դեկտեմբեր 2015-ին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը  հանդիսաւոր սուրբ պատարագ  պիտի գլխաւորէ ս. Պետրոս պազիլիքայի մէջ ի պատիւ  Մեքսիքայի ու ամերիկեան ցամաքամասի պաշտպան սրբուհի`Կուատալուփի Տիրամօր, անոր ծիսական տօնին առթիւ։

Այս ս. պատարագով Սրբազան Հայրը կը փափաքի Կուատալուփի Տիրամօր` Ողորմութեան Մայր, յանձնել ս. տարուայ իրականացումը  ամերիկեան ցամաքամասին մէջ։ Հանդիսաւոր պատարագը կ'ուզէ նոյնպէս հանդիսանալ պատրաստութիւն` ֆրանչիսկոս Պապին Մեքսիքա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան։

Ծիսակատարութիւնը սկիզբ կ՛առնէ յետմիջօրէին նախ Մարեմեան ս. վարդարանի աղօթքով։    








All the contents on this site are copyrighted ©.