2015-11-19 12:13:00

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ


Գրիգոր Նարեկացի Մարդը՝ Ստեղծուած Աստուծոյ Պատկերին Նմանութեամբ
 
Մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերի նմանութեամբ եւ օժտուած յատուկ շնորհքով եւ կարողութիւններով։ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականը մեզի կը սորվեցնէ՝ “Մարդը որքան ալ մեղքով եւ մահով չարափոխուած ըլլայ, սակայն կը մնայ ’ըստ պատկերին Աստուծոյ’, ըստ պատկերին Որդիին, բայց ’զուրկ Աստուծոյ փառքէն’։ Աբրահամի տրուած Խոստումը կը սկզբնաւորէ փրկութեան տնտեսութիւնը, որուն վախճանին Որդին պիտի ստանձնէ ’պատկերը’ եւ պիտի բարենորոգէ զայն Հօր ’նմանութեամբ’, Անոր վերադարձնելով Փառքը, այսինքն՝ ’Կեանք տուող’ Հոգին։ Մարդը գագաթնակէտն է արարչագործութեան։ Աստուածաշունչը զայն յստակօրէն կ’արտայայտէ զանազանելով մարդուն ստեղծումը միւս արարածներուն ստեղծումէն։ Մարդկային անհատը, ըլլալով ըստ Աստուծոյ պատկերին, անձի արժանապատուութիւնն ունի. ան սոսկ իր մը չէ, այլ մէկն է։ Ան կարող է ճանչնալ ինքզինք, ըլլալ տէր իր անձին եւ ազատօրէն ինքզինք տալ եւ ուրիշ անձերու հետ հաղորդութեան մէջ մտնել, ան շնորհքի բերումով՝ կանչուած է ուխտ կնքելու իր Արարչին հետ, Անոր հաւատքի եւ սիրոյ պատասխան մը տալու, զոր ուրիշ ոչ ոք կարող է տալ իր փոխարէն։”
Գրիգոր Նարեկացի Մատեան Ողբերգութեան աղօթագրքի 46րդ գլխուն մէջ կը ներկայացնէ մարդ արարածը, որ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին նմանութեամբ եւ ունի բացառիկ կոչում։ Սակայն ան նաեւ մեղանչելով հեռացած է Աստուծմէ եւ սակայն Քրիստոսով կրկին մօտեցած Աստուծոյ եւ “վերզգեցած իր առաջին պատմուճանը”։ Սուրբ Գրիգոր կը գրէ՝
“Ա.
Ձախողած մըն եմ ես, եւ յաւէտ արժանի պատժի,
Միշտ դժնեայ, վայրենաբարոյ.
Ես ինքս անձամբ մահացու կերպով կը կշտամբեմ զիս.
Զազիր եւ վայրագասուն արօտական խոզերու պիղծ երամակներու պէս՝
Գարշելի մեղքերն արածող մըն եմ ես՝ նախատելի վարձկանութեամբ։
Երգ Երգոցի ինձ պատշաճող խօսքին համաձայն՝
Հովիւներու վրաններուն մօտ,
Ամայաբնակ ուլերու հօտերը հոգացող հովիւ մըն եմ,
Սակայն ոչ իսկ ինքզինքս կը ճանչնամ՝
Թէ որու՞ ձեռքով, որու՞ պատկերին նման, ինչու՞ համար գոյացած եմ։
Բ.
Ահա քեզ կրող ու տանող
Երկու միակցորդ ու խորհրդաւոր ոտքերուդ վրայ՝
Հրեշտակի նմանողութեամբ կառուցուեցար,
Որպէսզի կրկնաբարձ վերասլացուցիչ բազուկներու թռիչքով՝
Հայրենի աշխարհը դիտես։
Ո´վ յիմար, ինչու՞ կորացար դէպի երկիր,
Եւ միշտ երկրային իրերով հոգալով՝
Անապատի ցիռերու կարգին դասուեցար։
Բազմաբերանեան ճրագի նման՝
Բոլորակ գլուխդ մարմնիդ աշտանակին վրայ հաստատուեցաւ.
Որպէսզի այդ օրինակի շնորհքէն չհեռանալով՝
ԶԱստուած տեսնես եւ անանց բաներու վրայ խորհրդածես։
Բանականութեան պատուով կրկին ճոխացար,
Որպէսզի լեզուովդ անարգել պատմես
Քեզի տրուած բարեմասնութիւններու գերազանցութիւնը ։
Շնորհիւ քու ձեռքերուդ, որ ճարտար մատներով ճիւղաւորուած են,
Իւրացուցիր գործնական բաներու տնտեսութիւնն ու տնօրինումը,
Եւ բնութեամբ իբր գործակից Աստուծոյ ամենաբաշխ աջին՝ Աստուած կոչուեցար։
Երեքհարիւր վաթսուն յօդերով շաղկապուեցար,
Քու մէջդ ասոնց միացնելով՝
Հինգ զգայարանքներուն պատշաճ թիւը.
Որպէսզի չըլլայ թէ արտաքին նիւթեղէն շինուածքդ
Բանականութեանդ մնայ անքննելի.
Անոնցմէ ոմանք՝ դիմացկուն են ու զօրաւոր,
Եւ ուրիշներ՝ փոքր ու պիտանի,
Ոմանք՝ կարծրակերտ եւ զգայուն,
Ուրիշներ՝ գողտրիկ եւ առաւել պատուական,
Դարձեալ ուրիշներ՝ ծածուկ եւ ամօթական։
Իսկ ասոնց խորհուրդի բացատրութիւնը, ով իմ եղկելի անձս,
Քու մէջդ է դրոշմուած՝
Անջնջելի՝ որպէս վէմի վրայ,
Ինչպէս եւ ժամանակներու
Եւ տարին պսակող իրերայաջորդ օրերու տարրերն՝
Սահմանուած՝ մարմնիդ մասունքներուն թիւին համաձայն՝
Կը պահուին անսխալ եւ անայլայլելի։
Գ.
Ահա նաեւ այլ հոգեւոր օրինակ մը.
Սիրոյ զօդը, որ կը միացնէ եկեղեցին՝
Քեզմով կը բացատրուի։
Որովհետեւ, առանց բովանդակ մասերու միութեան՝
Ուր կը կապուի մեծը փոքրին հետ՝ յօժար լուծի մը տակ՝
Քրիստոսի անուամբ հաւաքուածներու կառոյցին ամբողջութիւնը
վտանգուած կ’ըլլայ։
Ինչպէս որ մամնի վրայ հաստատուած՝
Անարգ նկատուած անդամներէն մէկն իսկ եթէ կտրուի եւ կամ թէ պակսի՝
Կրճատուած կ’ըլլայ զգայական սենեակդ՝ մարդկային յօրինուածութիւնդ,
Եւ հարազատ պատկերը տեղի կու տայ անարգ փոփոխութեան։
Ուստի այսպիսի եւ ուրիշ բազում անզուգական հրաշակերպութեամբ
Աստուծոյ ստեղծուած պատկերն ես դուն,
Ո´վ գերի հոգիս՝ իսպառ կշտամբուած,
Որ թէեւ առջի նմանութենէն կողոպտուեցար՝
Կեանքի դրախտին մէջ պատուիրանին դէմ մեղանչելով,
Սակայն աւազանին լուսազարդ շնորհքով, Հոգիին փչումը առնելով՝
Պատկերին նոյն նմանութիւնը հագար դարձեալ։”








All the contents on this site are copyrighted ©.