2015-11-19 09:36:00

Սթամպուլի գիտաժողովը Քրիստոնեաներու գոյքի բռնագրաւման մասին


Նոյեմբեր 20-21-ին «Ոչնչացուած քաղաքակրթութիւն. ոչ իսլամներու ունեցուածքը օսմանեան շրջանի վերջը եւ Հանրապետական շրջանի սկիզբը» խորագիրով գիտաժողով տեղի կ՛ունենայ Սթամպուլի մէջ:

Ըստ «Agos» թերթի կայքին` գիտաժողովը կազմակերպուած է Հրանդ Տինքի հիմնադրամի, Պողազիչի համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի, Սապանճըի եւ Պիլկի համալսարաններու համագործակցութեամբ:

Գիտաժողովը, որուն կը մասնակցին գիտնականներ ինչպէս Թուրքիայէն, այնպէս ալ արտասահմանէն, պիտի իրականացուի երեք լեզուով` հայերէն, թուրքերէն եւ անգլերէն:

Ժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին այնպիսի թեմաներ, ինչպէս՝ 1914-1924թթ. եւրոպական դրամագլուխը ներկայացնող ոչ իսլամ առեւտրականները,  1915-ին եւ անկէ ետք ոչ իսլամներու ունեցուածքի բռնագրաւման եւ բաժանման գործընթացի քաղաքական, մշակութային եւ տնտեսական հետեւանքները, ոչ իսլամներու կողմէ հիմնադրուած առեւտրական ձեռնարկութիւններու պատմութիւնը, ոչ իսլամ ձեռնարկատէրերու` օսմանեան քաղաքներու նկատմամբ ստանձնած բարեգործական պարտաւորութիւնները, Անատոլիայէն դէպի խոշոր քաղաքներ ձեռնարկատէրերու գաղթը, ոչ իսլամ առեւտրականներու եւ կրօնական համայնքներու յարաբերութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.